«Այժմ Միջսուրիական Երկխօսութեան Համար Լաւ Պայմաններ Գոյութիւն Ունին» Կ՛ըսէ Տը Միսթուրա
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ: Վերջինս Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական հարցերով օգնական Հիւսէյն Ժապերի Անսարիի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ այժմ միջսուրիական երկխօսութեան համար լաւ պայմաններ գոյութիւն ունին: «Վերջին շրջանին քաղաքական եւ մարտական մակարդակներուն վրայ, մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարին մէջ...




















