Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «Էֆ-35 Լայթնինկ 2» հինգերորդ սերունդի 17 ռմբաձիգ-կործանիչ ձեռք բերելու համաձայնութիւն կնքած է:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կործանիչները Իսրայէլին կը մատակարարուին «Էֆ-35 Ատիր» տարբերակով, որ յատկապէս յարմարցուած է տեղւոյն հրամանատարութեան պահանջներուն համապատասխանելու համար: Կը նախատեսուի, որ նորագոյն պատերազմական օդանաւերը Իսրայէլ ուղարկուին մինչեւ 2024-ի վերջը:
Ներկայիս Իսրայէլ արդէն ստացած է «Էֆ-35 Ատիր» տիպի 5 կործանիչ: Նոյն տիպի յաւելեալ երկու կործանիչներ պիտի մատակարարուին յաջորդ շաբաթ, այլ երկու կործանիչ Իսրայէլ պիտի հասնին նոյեմբերին:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ընդգծած է, որ այս մատակարարումը պիտի դառնայ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու խորութեան եւ ամրութեան յաւելեալ մէկ ապացոյցը: