Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած է ազատ արձակել երկրի տարածքին կալանաւորուած Գերմանիոյ քաղաքացիները: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը:
Մերքել նշած է, որ խնդիրը լուրջ ազդեցութիւն կ՛ունենայ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն վրայ:
«Մենք շատ պիտի փափաքէինք լաւ յարաբերութիւններ պահպանել Թուրքիոյ հետ, սակայն պէտք է նայիլ իրականութեան աչքերուն: Մեր պահանջը շատ յստակ է` այդ մարդիկը պէտք է ազատ արձակուին», ըսած է Մերքել:
Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ գտնուող Գերմանիոյ քաղաքացիներուն շարքին կան նաեւ Պոլսոյ կղզիներուն մէջ ձերբակալուած իրաւապաշտպաններ, ինչպէս նաեւ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի Թուրքիոյ թղթակից Տենիզ Եուճել, որուն արտայանձնման հարցին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ յամառիլ: