Քերքուքի նահանգային խորհուրդը քուէարկած է ի նպաստ հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէին: Արաբներն ու թիւրքմենները պոյքոթի ենթարկած են նիստը:
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտնեց. «Քիւրտիստանի մարզին մէջ հանրաքուէն հակասահմանադրական քայլ է, անարժէք է ու սխալ»:
Իրաքի փոխնախագահ Ուսամա Նուժէյֆի մերժեց Քերքուքի եւ վիճելի տարածքներու Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին մասնակցութիւնը:
Իրաքեան խորհրդարանին եւ Քերքուքի նահանգային խորհուրդին մէջ թիւրքմէններու ներկայացուցիչներն ու թիւրքմենական կուսակցութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ Քերքուքի նահանգի ղեկավարութիւնը այլեւս չի հաւատար նահանգին մէջ գործընկերութեան գաղափարին: Անոնք վարչապետէն ու խորհրդարանէն պահանջեցին որդեգրել օրինական բոլոր այն քայլերը, որոնք Քերքուքի նահանգային խորհուրդի որոշումը կը բեկանեն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին պոյքոթի ենթարկելու հանրաքուէն:
Միւս կողմէ, աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ դիւանագէտներու եւ քիւրտ ղեկավարներու միջեւ աշխուժ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան հանրաքուէն յետաձգելու հարցին շուրջ: