«Արապիյէ» հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին օդուժը հարուածած է Լիբանանէն Տէր Զօր ուղղուող ՏԱՀԵՇ-ի կարաւանը` աւելցնելով. «Օդային հարուածը կարաւանին ճամբան փակեց»:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ նշեալ օդային հարուածը տեղի ունեցած է Տէր Զօրի հարաւը:
Միջազգային դաշինքը հաստատելով լուրը նշեց, որ քանդած է կամուրջ մը եւ ճամբուն վրայ մեծ փոս յառաջացուցած` արգելք հանդիսանալու համար, որ ՏԱՀԵՇ-ի կարաւանը շարունակէ դէպի արեւելք իր ուղեւորութիւնը:
Օդային հարուածէն ժամեր առաջ «Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդած էր, որ Միջազգային դաշինքը սպառնացած է հարուածել կարաւանը: Միջազգային դաշինքի բանբեր գնդապետ Ռայըն Տիլըն յայտնած էր, որ Միջազգային դաշինքը կը ճշդէ, թէ կարաւանին մէջ քաղաքայիններ կա՞ն, թէ՞ ոչ:



