Ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթը իր Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգին մէջ «Հարվի» փոթորիկին վերաբերեալ ծաղրանկար մը, որ պիտի հրատարակուի շաբաթաթերթի նոր թիւի կողքին վրայ: Այդտեղ կ՛երեւին նացիները, որոնք ջուրի տակ մնացած են առատ անձրեւին իբրեւ հետեւանք յառաջացած ողողումին պատճառով:
Ծաղրանկարին մէջ կ՛երեւի Երրորդ ռայխի 8 դրօշ: Իսկ ցուցարարներէն ջուրէն դուրս մնացած են միայն ձեռքեր եւ ոտք մը:
«Աստուած գոյութիւն ունի: Ան ջուրին տակ խեղդած է Թեքսասի բոլոր նացիները», կ՛ըսուի ծաղրանկարին վրայ գրառումին մէջ:
Յիշեցնենք, որ վերջին 12 տարուան մէջ հզօրագոյն փոթորիկը` «Հարվի»-ն օրերէ ի վեր կը հարուածէ Թեքսաս նահանգը: Այս փոթորիկին պատճառով որոշ շրջաններ ամբողջութեամբ ջուրով ողողուած են: