«Քաթալոնիոյ Անկախութեան Յայտարարութիւնը Որեւէ Ազդեցութիւն Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Սպանիոյ Վարչապետը
Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ զգուշացուց, որ Քաթալոնիոյ կողմէ անկախութեան որեւէ յայտարարութիւն ազդեցութիւն պիտի չունենայ` աւելցնելով, որ ինք շրջանի ինքնավարութեան առկախումը չի բացառեր: Սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան նաեւ մերժեց տագնապին լուծման համար որեւէ միջնորդութիւն: «Կառավարութիւնը պիտի ապահովէ, որ անկախութեան որեւէ յայտարարութիւն ապարդիւն մնայ», ըսաւ ան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պատրա՞ստ է կիրարկելու Սպանիոյ սահմանադրութեան 155-րդ...




















