Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Ոստիկանութեան Բիրտ Միջամտութեան. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Մասնակիցներուն 90 Առ Հարիւրը «Այո» Քուէարկեցին

Հոկտեմբեր 3, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ ինքնավար Քաթալոնիա շրջանի ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն յայտնեց, որ Քաթալոնիան ապահոված է պետութիւն դառնալու իր իրաւունքը: Ան ըսաւ, որ միակողմանի կերպով անկախութեան յայտարարութեան ճամբան հարթուած է: «Յոյսի եւ տառապանքի այս օրուան ընթացքին, Քաթալոնիոյ քաղաքացիները ապահովեցին հանրապետական կարգով անկախ պետութիւն մը ունենալու իրաւունքը», ըսաւ ան պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

«Կառավարութիւնս յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին այսօրուան քուէարկութեան արդիւնքները պիտի փոխանցէ Քաթալոնիոյ խորհրդարանին, ուր կը գտնուի մեր ժողովուրդին գերիշխանութիւնը, որպէսզի հանրաքուէի օրէնքին հիմամբ տնօրինում կատարէ», նշեց ան` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւն այլեւս չի կրնար «երեսը միւս կողմ թեքել շարունակել»:

Մինչ այդ, Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ յայտնեց, որ քաթալաններուն խաբած են մասնակցելու ապօրինի քուէարկութեան մը` ընդգծելով. «Քաթալոնիոյ մէջ ինքնորոշման շուրջ հանրաքուէ տեղի չունեցաւ»:

Քաթալան պաշտօնատարներ աւելի ուշ յայտնեցին, թէ կիրակի, 1 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանրաքուէի մասնակիցներուն 90 առ հարիւրը քուէարկած է անկախութեան ի նպաստ: Մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 42,3 առ հարիւր: 5,3 միլիոն արձանագրուած քուէարկողներէն աւելի քան 2,2 միլիոնը մասնակցեցան քուէարկութեան: Քաթալան բանբեր մը յայտնեց, որ կարելի չէ եղած աւելի քան 750 հազար քուէ հաշուել, որովհետեւ ոստիկանութիւնը փակած է քուէարկութեան կեդրոններ եւ գրաւած քուէատուփեր:

Անկախութեան մեծաթիւ զօրակցողներ կիրակի երեկոյեան հաւաքուեցան շրջանի մայրաքաղաք Պարսելոնայի կեդրոնը` դրօշներ բարձրացնելով եւ Քաթալոնիոյ քայլերգը երգելով: Անկախութեան դէմ եղող ցուցարարներ եւս Պարսելոնայի եւ սպանական այլ քաղաքներու մէջ հաւաքներ կատարեցին:

Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը կը յայտնէ, որ աւելի քան 800 անձեր վիրաւորուած են շրջանին մէջ ոստիկանութեան հետ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին: Սպանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ 12 ոստիկաններ վիրաւորուած են եւ 3 անձեր ձերբակալուած` աւելցնելով, որ ոստիկանութիւնը քուէարկութեան 92 կեդրոններ փակած է, սակայն քաթալան իշխանութիւնները նշեցին, որ 2300 քուէարկութեան կեդրոններէն 319-ը փակուած են:

Ճիրոնայի մէջ ոստիկանութիւնը բռնի ուժով մուտք գործեց քուէարկութեան կեդրոն մը, ուր կը նախատեսուէր, որ Քաթալոնիոյ ղեկավար Փուչտեմոն քուէարկէ: Ան քուէարկեց այլ կեդրոնի մը մէջ:

Պարսելոնայի քաղաքապետ Ատա Քոլաու դատապարտեց շրջանի «անպաշտպան» բնակչութեան դէմ ոստիկանութեան արարքները, սակայն Սպանիոյ փոխվարչապետ Սորայա Սայենզ տէ Սանթամարիա յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը «արհեստավարժութեամբ եւ պատշաճօրէն վարուած է»:

Լունաչեք. «Քաթալոնիոյ Անկախութեան Մասին
Հանրաքուէն Օրինական Է»

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, աւստրիացի երեսփոխան Ուլրիքէ Լունաչեք յայտարարած է, թէ Քաթալոնիոյ անկախութեան մասին հանրաքուէն օրինական է, սակայն աւելցուցած է, որ ատոր շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ Սպանիոյ իշխանութիւններուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լայֆ.ռու» կայքը:

«Սկզբունքօրէն հանրաքուէն օրինական է, սակայն, ինչպէս ցոյց տուաւ Սկովտիոյ օրինակը, անիկա պէտք է կատարուի Մատրիտի հետ համաձայնեցումով», ըսած է Լունաչեք:

Ըստ անոր, Մատրիտ պէտք է վերջ դնէ այդ հարցով երկխօսութիւնը մերժելուն:

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահը ընդգծած է, որ ցնցուած է Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած բախումներէն, որոնց պատճառով, արձանագրուած են շուրջ 800 վիրաւորներ:

Սկովտիոյ վարչապետ Նիքոլա Սթըրֆըն իր կարգին յայտնեց, որ Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէին վերաբերեալ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը «թոյլ եւ ամօթալի էր»:

«Սպանիոյ իսկական բարեկամը պէտք էր անոնց ըսէր, թէ այսօրուան միջոցառումները սխալ են եւ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենան», ըսաւ Սկովտիոյ վարչապետը:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն կոչ ուղղած էր «պահպանելու Սպանիոյ միութիւնը»` նշելով, որ պէտք է յարգել երկրին սահմանադրութիւնը:

Միւս կողմէ` Եւրոպական միութիւնը յայտարարեց. «Ըստ Սպանիոյ սահմանադրութեան, Քաթալոնիոյ հանրաքուէն օրինական չէ»: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին նշեց. «Քաթալոնիոյ հանրաքուէն սպանական ներքին հարց մըն է»:

Նախորդը

Իրաքի Վարչապետի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Չեղեալ Նկատելու, Ապա Երկխօսութեան Ձեռնարկելու

Յաջորդը

Լաս Վեկասի Մէջ Հրացանաձգութիւն Մը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

RelatedPosts

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?