Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Խմբագրականը` Բռնապետ Ալիեւի Ու Բռնապետական Ազրպէյճանի Մասին

Հոկտեմբեր 4, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 սեպտեմբերին, ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր խմբագրականին մէջ անդրադարձած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքականութեան, մասնաւորաբար անկախ լրագրող Աֆղան Մուխթարլին առեւանգելու եւ շինծու մեղադրանքով դատապարտելու փորձին: Խմբագրականին մէջ Ալիեւը որակուած է իբրեւ բռնապետ, իսկ Ազրպէյճանը` բռնապետական երկիր:

«Այս բռնապետը սահմաններ չի ճանչնար» խորագիրով խմբագրականին մէջ գրուած է.

«29 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ անկախ լրագրող Աֆղան Մուխթարլի սրճարանէն կը հեռաձայնէ իր կնոջն ու կ՛ըսէ, որ տուն կու գայ: Լրագրողին ընկերոջ խօսքով, որ նոյնպէս սրճարանն էր, կինը իրմէ կը խնդրէ հետը հաց բերել: Ընկերը հեռացաւ, իսկ պարոն Մուխթարլին այլեւս տուն չհասաւ: Մէկ օր ետք անոր կինը կ՛իմանայ, որ ան դրացի Ազրպէյճանի բանտին մէջ է: Հետապնդումներէն խուսափելու համար պարոն Մուխթարլի երկու տարի առաջ փախած էր Ազրպէյճանէն: Իբրեւ իր սահմաններէն դուրս գործող ոստիկանական բիրտ պետութիւն` Ազրպէյճանը զինք ետ վերադարձուց:

«Պարոն Մուխթարլին` Ազրպէյճանի բռնատէր նախագահ Իլհամ Ալիեւի բացայայտ քննադատը, կը հետաքննէր պարոն Ալիեւի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ փտածութիւնը: Իր անհետացման պահուն ան Վրաստանի մէջ կը հետաքննէր պարոն Ալիեւի անձնական ունեցուածքը, Ազրպէյճանի մասին նիւթեր կը հրապարակէր պատկերասփռուող անկախ թուային «Մէյտան Թի.Վի.» պատկերասփիւռէն: Պարոն Մուխթարլի հարցաքննութեան ենթարկուած էր քաղաքական դրդապատճառներով մէկ այլ լրագրող` Խատիճա Իսմայիլովայի հետապնդման գործին ծիրին մէջ եւ ի վերջոյ 2015 թուականին փախած Վրաստան:

«Պարոն Մուխթարլիի կնոջ եւ փաստաբանին տրամադրած տեղեկութեան համաձայն, սրճարանը լքելէ ետք ան Թիֆլիսի իր տան մօտէն առեւանգուած է, ծեծի ենթարկուած, աչքերը կապուած վիճակի մէջ երեք տարբեր ինքնաշարժներով տեղափոխուած է Ազրպէյճանի հետ սահմանային անցակէտ, ուր անոր գրպանը դրուած է 10.000 եւրօ: Ազրպէյճանական կողմին մէջ անոր առաջադրուած է սահմանը ապօրինի անցնելու եւ մաքսանենգութեան մեղադրանք: Ամիսներ ետք ան տակաւին Պաքուի մէջ ձերբակալուած է:

«Մուխթարլիի գործին մէջ նաեւ այլ բացասական երանգ կայ: Պարոն Ալիեւ իր բռնապետական մեթոտները դիւրութեամբ կիրարկած է մէկ այլ երկրի` Վրաստանի սիրտին մէջ: Եւրոպական խորհրդարանը դատապարտած է տեղի ունեցածը, սակայն, այսպիսի վարքագիծ միջազգային ընտանիքի կտրուկ, արժանի դատապարտման չէ արժանացած: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուղղակի կարճ յայտարարութեամբ նշած է, որ «մտահոգուած է առեւանգման դէպքին առնչութեամբ»: Այդպիսի երկչոտութիւնը Ալիեւ կրնայ ընկալել այնպէս, որ, կարծես նախագահ Թրամփի ղեկավարութեամբ Միացեալ Նահանգներուն չի մտահոգեր, երբ մարդու իրաւունքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը այլ երկիրներու մէջ կը ոտնահարուին:

«Մենք գիտենք, որ բռնապետները իրարու հետ մեթոտներու հարցին մէջ փորձառութեան փոխանակումով կը զբաղին. կը փակեն օտարերկրեայ ֆինանսաւորումով ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, կը նախազգուշացնեն, որ պետութեան իւրաքանչիւր անկիւնը «օտարերկրեայ գործակալներ» կը շրջին, համացանցի վրայ կը խեղդեն ազատ խօսքը: Պարոն Ալիեւ, հաւանաբար, կարդացած եւ իմացած է, որ այլախոհները վտարող Չինաստանը անպատիժ կը մնայ: Մեր տեղեկութիւններով` պարոն Ալիեւ ոչ ազատական մեքանիզմի կիրարկման հարցին մէջ այնքան հմտացած է, որ այս օրերուն ինք կրնայ բռնատիրութեան դասընթացքներ տալ: Ցաւօք, այդ դասընթացքներուն մէջ մասնակիցներու պակաս չկայ:

«Այս գործին մէջ կ՛երեւի նաեւ Վրաստանի մռայլ դերակատարութիւնը: Արդեօք Եւրոպական Միութեան կողքին կանգնած ու ժողովրդավարական նկրտումներ ունեցող երկիրը մասնակցութիւն ունեցա՞ծ է անդրսահմանային առեւանգումին:

«Վրաստանի իշխանութիւնները հերքած են իրենց մասնակցութեան փաստը եւ խոստացած հետաքննութիւն կատարել, սակայն այս պահու դրութեամբ քիչ բան կատարուած է: Վրաստանը որքան կարելի է շուտ բացատրութիւն պէտք է տայ, իսկ Ազրպէյճանը անյապաղ ազատ արձակէ պարոն Մուխթարլին` միջազգային սահմանի անցումով առեւանգման զոհին: Լաւ պիտի ըլլար նաեւ, որ բազմաթիւ կառավարութիւններ դատապարտէին Ալիեւի տհաճ հնարքները: Ատիկա պիտի զսպէր բռնապետներու ախորժակը»:

 

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Ապրեցանք. «Յուշամատեան» Ծրագիրը

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Նշած Է Հիւսիսային Քորէայի Հետ Երկխօսութեան Միակ Նիւթը

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?