Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի գրասենեակը Քրտական ինքնավար մարզին կոչ ուղղեց` «սահմանադրութեան եւ դաշնակցային դատարանի որոշումներուն իր յանձնառութիւնը յայտնելու»` շեշտելով. «(Քրտական) մարզը պէտք է հակասահմանադրական հանրաքուէին արդիւնքները չեղեալ նկատէ, ապա ձեռնարկէ լուրջ երկխօսութեան»:
Վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ Քրտական ինքնավար մարզը պէտք է դադրեցնէ մարզին կողմէ ոտնձգութեան ենթարկուած մերձակայ շրջաններուն մէջ մագլցողական քայլերն ու սադրանքը:



