Յորդանանի պետական լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, հաղորդեց, որ երէկ Փարիզի մէջ Յորդանանի դեսպանատան զինուորական կցորդութեան առջեւ մոթորսիքլեթ մը պայթած է:
Պայթումին պատճառով կցորդութեան շէնքին առջեւ կանգ առած ինքնաշարժներ թեթեւ վնասներ կրած են, սակայն կցորդութեան անձնակազմի անդամներէն ոչ ոք վիրաւորուած է:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ մոթորսիքլեթը պայթեցուած է:
Սակայն Փարիզի մէջ Յորդանանի դեսպանատունէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ կը թուի, թէ պայթումին թիրախը Յորդանանը չէր:



