ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնին Մոսկուան կը պաշտպանէ Ազրպէյճանէն Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի թեկնածութիւնը: Այս մասին 4 հոկտեմբերին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով:
«Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 հոկտեմբերին, ամենայն հաւանականութեամբ քանի մը փուլով», նշած է ան: «Մեր գերակայութիւնը կը մնայ Ազրպէյճանը, իսկ այնուհետեւ պիտի գործենք ըստ իրադրութեան»:



