Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրեց Պաշտպանութեան Բնագաւառին 700 Միլիառ Տոլար Յատկացնելու Որոշում Մը

October 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրած է 2018-ի ֆինանսական տարուան մէջ զինուորական ծախսերուն համար 700 միլիառ տոլար յատկացնելու որոշում մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Պի.Սի.» կայքը:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, թէ նշեալ օրինագիծին թեր քուէարկած է 89 ծերակուտական, իսկ դէմ` 8 ծերակուտական:

Կը նշուի, որ օրինագիծը կ՛ենթադրէ Հիւսիսային Քորէայի գործողութիւններուն ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու հակահրթիռային պաշտպանութեան ընդլայնում: Մասնաւորաբար Հրթիռային պաշտպանութեան գործակալութեան պիտի տրամադրուի յաւելեալ 8,5 միլիառ տոլար, ինչ որ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին խնդրած գումարէն 630 միլիոն տոլարով աւելի է:

«Ռիա.ռու» կայքը կ՛աւելցնէ, որ պաշտպանական բնագաւառի ծախսերուն մէջ ներառուած է նաեւ Ուքրանիոյ 500 միլիոն տոլարի տրամադրումը: Այս մասին իր Դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ յայտարարած է երկրի նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ` մանրամասնելով, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ յատկացուելիք կէս միլիառ տոլարը պիտի տրամադրուի անվտանգութեան ու պաշտպանական բնագաւառներուն:

Փորոշենքոյի համաձայն, Ուքրանիոյ պիտի տրամադրուին պաշտպանական բնոյթի մահաբեր զինատեսակներ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոսը

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Քոնկրեսէն Աւելի Քան 29 Միլիառ Տոլար Խնդրած Է Փոթորիկներու Հասցուցած Վնասները Վերացնելու Համար

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.