Միջազգային

Քրտական Ուժերը Պատրաստ Վիճակի Մէջ Դրուած Են.  Իրաքեան Միացեալ Գործողութիւններու  Հրամանատարութիւնը Կը Հերքէ Քերքուքի Հարաւը  Որեւէ Գործողութեան Շղթայազերծումը

Քրտական Ուժերը Պատրաստ Վիճակի Մէջ Դրուած Են. Իրաքեան Միացեալ Գործողութիւններու Հրամանատարութիւնը Կը Հերքէ Քերքուքի Հարաւը Որեւէ Գործողութեան Շղթայազերծումը

Իրաքեան միացեալ գործողութիւններու հրամանատարութիւնը հերքեց Քերքուքի հարաւը որեւէ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծած ըլլալը` վստահեցնելով, որ իր ուժերը կը շարունակեն ազատագրուած տարածքներուն մէջ հետախուզական եւ վերահսկողութեան ամրապնդման աշխատանքները: Հրամանատարութիւնը միեւնոյն ժամանակ զգուշացուց այն լրատուամիջոցները, որոնք կը փորձեն հասարակական կարծիքը շփոթի մատնել` սպառնալով անոնց դէմ դատական քայլերու դիմել: Ան բոլորին կոչ ուղղեց իրենց տեղեկութիւններուն մէջ ճշգրտութիւնը պահելու եւ զանոնք ստանալու պաշտօնական աղբիւրներէ: Երէկ...

ՕԹԱՆ-ի Մէջ Մտահոգութիւն`  Ռուս-Թրքական Մերձեցման Նկատմամբ

ՕԹԱՆ-ի Մէջ Մտահոգութիւն` Ռուս-Թրքական Մերձեցման Նկատմամբ

ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Քէյ Պէյլի Հաթչիսըն յայտնեց, որ Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակահրթիռային համակարգերու գնումը ՕԹԱՆ-ի համար «հարց» է: «Այդ հարցը ՕԹԱՆ-ի մէջ մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ այդ համակարգը համապատասխան չէ դաշինքին օգտագործած համակարգին», ըսաւ ան` նշելով նաեւ, որ դաշինքը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցում չ՛ուզեր: «Ատիկա ո՛չ մեր շահերէն, ո՛չ ալ Թուրքիոյ շահերէն կը բխի», ընդգծեց...

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու Օրինակին  Հետեւելով Դուրս Եկաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու Օրինակին Հետեւելով Դուրս Եկաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն

Իսրայէլի իշխանութիւնները, հետեւելով Միացեալ Նահանգներու օրինակին, որոշած են դուրս գալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն` ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով զբաղող կազմակերպութենէն: «Քորրեսփոնտընթ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հրահանգած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան սկսելու ԵՈՒՆՍԵՔՕ-ի կազմէն Միացեալ Նահանգներուն զուգահեռ դուրս գալու նախապատրաստութիւնները: Նեթանիահուի խօսքով` Սպիտակ տան որոշումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմէն դուրս գալու վերաբերեալ «խիզախ եւ բարոյական» է: «Այդ կազմակերպութիւնը վերածուած է անհեթեթի...

Մատրիտ Քաթալոնիոյ Իշխանութեան  Անկախութենէն Հրաժարելու Համար  8 Օրուան Պայմանաժամ Ճշդած Է

Մատրիտ Քաթալոնիոյ Իշխանութեան Անկախութենէն Հրաժարելու Համար 8 Օրուան Պայմանաժամ Ճշդած Է

Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ Քաթալոնիոյ կառավարութեան անկախութենէն հրաժարելու համար 8 օր ժամանակ տուած է, այլապէս պիտի դադրեցնէ Քաթալոնիոյ ինքնավարութիւնը եւ Մատրիտի կողմէ անմիջական վերահսկողութիւն պիտի սահմանէ: Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը մինչեւ 16 հոկտեմբեր ժամանակ ունի պատասխանելու: Եթէ Քաթալոնիոյ ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն հաստատէ, որ ինք անկախութիւն հռչակած է, անոր յաւելեալ երեք օր պիտի տրուի մտածելու համար: Այլապէս պիտի կիրարկուի Սպանիոյ սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածը,...

Ամերիկեան Հիւպատոսարանի Աշխատակիցներու Եւ Քաղաքացիներու Ձերբակալման Հարցով.  Թիլըրսըն Անգարայէն Ապացոյցներ Պահանջած Է

Ամերիկեան Հիւպատոսարանի Աշխատակիցներու Եւ Քաղաքացիներու Ձերբակալման Հարցով. Թիլըրսըն Անգարայէն Ապացոյցներ Պահանջած Է

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնած է Պոլսոյ մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանի աշխատակիցներու եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու ձերբակալման առնչութեամբ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ: Ըստ անոր, «Թիլըրսըն ընդգծած է այն անհրաժեշտութիւնը, որ Թուրքիոյ...

Քրտական Ինքնավար Մարզի Իշխանութիւնները  Կը Փակեն, Ապա Կը Վերաբանան Մուսուլ-Էրպիլ Ճամբան

Քրտական Ինքնավար Մարզի Իշխանութիւնները Կը Փակեն, Ապա Կը Վերաբանան Մուսուլ-Էրպիլ Ճամբան

Իրաքեան ապահովական աղբիւր մը գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւնները փակած են Էրպիլ եւ Մուսուլ քաղաքներուն միջեւ ցամաքային ճամբան: Փեշմերկաները Խազարի ճամբան` Քրտական մարզի Մուսուլի ուղղութեամբ վերջին կէտը փակած են հողաթումբերով եւ շաղախէ պլոքներով: Քրտական մարզի կառավարութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ տեղեկութիւններ ունի, թէ իրաքեան ուժերը կը պատրաստուին քիւրտ զինեալներուն դէմ լայնածաւալ յարձակում մը...

Համաս Եւ Ֆաթհ Գահիրէի Մէջ Հաշտութեան  Համաձայնութիւն Ստորագրեցին

Համաս Եւ Ֆաթհ Գահիրէի Մէջ Հաշտութեան Համաձայնութիւն Ստորագրեցին

Պաղեստինեան Համաս եւ Ֆաթհ շարժումները երէկ Գահիրէի մէջ հաշտութեան համաձայնագիր ստորագրեցին: Համաձայնագիրը Ֆաթհի կողմէ ստորագրեց շարժումի Յեղափոխական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետ, իսկ Համասի կողմէ` շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Սալեհ Արուրի: Երկու շարժումները համաձայնութիւն գոյացուցին Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան` Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ կառավարման աշխատանքը ամրապնդող միջոցառումներուն շուրջ, որոնք պիտի գործադրուին առաւելագոյնս մինչեւ 1 դեկտեմբեր 2017: Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար...

Ռուսիա Կ՛արձագանգէ Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Լուծման Մասին Քերրիի Յայտարարութեան

Մոսկուա. «Վրաստանի Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Համագործակցութեան Խորացումը Շրջանային Անվտանգութեան Սպառնալիք Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Վրաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ համագործակցութեան ապագայ խորացումը կը նկատէ շրջանային անվտանգութեան իսկական սպառնալիք: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ 10-11 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած են Անդրկովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան շուրջ հերթական խորհրդակցութիւններ, որոնց մասնակցած են Աբխազիոյ, Վրաստանի, Հարաւային Օսեթիոյ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները` համանախագահութեամբ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան: Ռուսիոյ, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ պատուիրակութիւնները...

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» Կը Դատապարտէ  Թուրքիոյ Մէջ Իր Թղթակիցը  Բանտարկելու Որոշումը

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Իր Թղթակիցը Բանտարկելու Որոշումը

Ամերիկեան հեղինակաւոր յայտնի «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը խմբագրականով մը խստիւ քննադատած է Թուրքիոյ մէջ իր թղթակիցը` Այլա Ալպայրաքը բանտարկելու թրքական ատեանին որոշումը: «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իրաւացի՛ է, երբ կը բողոքէ անմեղ մարդիկ սպաննող եւ կառավարութիւնը տապալել փորձող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ: Սակայն, երբ թուրք իրաւապահ մարմինները կ՛որոշեն անմեղ լրագրողներ մեղադրել ահաբեկչութեան հետ կապ ունենալու յանցանքով, այն ատեն անոնք անգամ...

Թրամփ Տակաւին Իրանի Հետ Կնքուած  Համաձայնագիրին Առնչուած Քայլերու  Վերաբերեալ Որոշում Չէ Տուած

Թրամփ Տակաւին Իրանի Հետ Կնքուած Համաձայնագիրին Առնչուած Քայլերու Վերաբերեալ Որոշում Չէ Տուած

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ տակաւին չի գիտեր, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրի ապագային վերաբերեալ: Ան այս մասին յայտնած է «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ Թրամփ ի՛նչ մտադիր է ընել` պաշտօնապէս յայտարարել, թէ՛ Իրանը կը կատարէ՞ իր պարտաւորութիւնները, թէ՞ յայտարարել համաձայնագիրէն հեռանալու մասին: «Մենք...

Թայլանտի Յայտնի Լողափերուն Վրայ Ծխող  Զբօսաշրջիկները Կրնան Բանտարկուիլ

Թայլանտի Յայտնի Լողափերուն Վրայ Ծխող Զբօսաշրջիկները Կրնան Բանտարկուիլ

Թայլանտի իշխանութիւնները արգիլած են երկիր այցելող զբօսաշրջիկներուն մօտ ժողովրդականութիւն վայելող շարք մը լողափերու մէջ ծխախոտի օգտագործումը: Օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ նոյեմբերէն սկսեալ: «Տը Նէյշըն» կը գրէ, թէ արգելքը պիտի գործէ թայլանտական շուրջ քսան լողափի մէջ: Զբօսաշրջիկներուն պիտի արգիլուի ծխել Փհուքեթ կղզիին մէջ գտնուող յայտնի Փաթոնկ լողափին վրայ, ինչպէս նաեւ Փաթայա հանգստավայրի Ճամթիէն եւ Ռայոնկ նահանգի Մէ Փիմ լողափներուն վրայ:...

Չինաստանի Մէջ Վերջին Հինգ Տարուան Ընթացքին  Աւելի Քան Մէկ Միլիոն Պաշտօնեայ  Պատժուած Է Կաշառակերութեան Համար

Չինաստանի Մէջ Վերջին Հինգ Տարուան Ընթացքին Աւելի Քան Մէկ Միլիոն Պաշտօնեայ Պատժուած Է Կաշառակերութեան Համար

Չինաստանի մէջ վերջին հինգ տարուան ընթացքին իշխող կուսակցութեան անդամ եղող 1,34 միլիոն պաշտօնեայ պատժուած է կաշառակերութեան մեղադրանքով: «Տէօչէ Վելլէ», մէջբերելով Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան` կարգապահութեան պահպանման հարցերով կեդրոնական յանձնախումբին տուեալները, կը հաղորդէ, որ անոնցմէ 648 հազարը եղած են գիւղական համայնքներու մէջ ղեկավարող պաշտօնեաներ, որոնք ներգրաւուած են փտածութեան մանր յանցագործութիւններու մէջ: Աղբիւրը չի մանրամասներ, թէ ի՛նչ պատիժ կրած են յանցագործները: Նոյեմբեր 2012-էն...

Ռուսիոյ Կասպիական Նաւատորմիղի  Երկու Տասնեակէն Աւելի Նաւեր  Ռազմափորձերու Սկսած Են

Ռուսիոյ Կասպիական Նաւատորմիղի Երկու Տասնեակէն Աւելի Նաւեր Ռազմափորձերու Սկսած Են

Ռուսիոյ կասպիական նաւատորմիղի երկու տասնեակէն աւելի նաւեր, որոնց շարքին են «Տաղստան» եւ «Թաթարիստան» հրթիռային նաւերը, «Կրատ Սվիաժսք», «Ուկլիչ», «Վելիքի ուսթիուկ» փոքր հրթիռային նաւերը, ռազմափորձեր սկսած են Կասպից ծովուն մէջ: «Արմէնփրես» կը տեղակացնէ, որ «Ինթըրֆաքս»-ին այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութենէն: Ընդամէնը ծովային զինուորական վարժարաններուն մէջ ուսումնա-մարտական առաջադրանքներ կատարած են քսանէ աւելի մարտանաւեր ու կասպիական նաւատորմիղի օժանդակ...

«Քիւրտիստանի Հետ Երկխօսութիւնը  Պայմանաւորեալ Է»  Ըսաւ Ապատի

«Քիւրտիստանի Հետ Երկխօսութիւնը Պայմանաւորեալ Է» Ըսաւ Ապատի

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Քերքուքի արեւմուտքը զինուորական գործողութիւնները վերջ գտած են եւ ազատագրուած են Հուէյճայի մէջ գտնուող բոլոր տարածքները, ինչպէս նաեւ ամբողջովին ազատագրուած են Ժապալ Մաքհուլը եւ Ժապալ Համրինը: Ան ընդգծեց. «Քիւրտիստանի մարզի հանրաքուէի մերժման մեր կեցուածքէն ետդարձ չկայ, իսկ երկխօսութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ հետեւեալին վրայ. Իրաքի միութեան, իրաքեան սահմանադրութեան եւ հանրաքուէի արդիւնքին մերժման»: Նշենք, որ իրաքեան...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Ուաշինկթըն. «Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Համաձայնութեան Վերաբերեալ Մեր Ծրագիրները Մէկ Ընտրանքի Վրայ Հիմնուած Չեն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտնեց. «Իրանի հիւլէական ծրագիրի համաձայնութեան վերաբերեալ Ուաշինկթընի ծրագիրները մէկ ընտրանքի վրայ հիմնուած չեն»: «Ես տեղեակ եմ, որ քննարկուած են շարք մը ծրագիրներ, եւ ազգային անվտանգութեան մարզի խումբերու իւրաքանչիւր ղեկավարի կողմէ շարք մը ընտրանքներ ներկայացուած են: Այս առումով գոյութիւն ունին շարք մը առաջարկներ», ըսաւ ան: Նախքան այդ, Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սենտըրզ յայտնեց,...

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ  Խիստ Մտահոգ Են Թուրքիոյ Մէջ  Տիրող Իրավիճակով»

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Խիստ Մտահոգ Են Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակով»

Միացեալ Նահանգներ խիստ մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակով: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ` բացատրելով Պոլսոյ մէջ ամերիկեան հիւպատոսութեան աշխատակիցներուն ձերբակալութիւնները: Նոուըրթ նշած է, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման ժամանակաւոր դադրեցման որոշումը միակողմանի չէ եւ որդեգրուած է Սպիտակ տան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեամբ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան...

Մատրիտի Իշխանութիւնները Անկախութեան Մասին  Քաթալոնիոյ Ղեկավարի  Յայտարարութիւնը Կը Նկատեն Անընդունելի

Մատրիտի Իշխանութիւնները Անկախութեան Մասին Քաթալոնիոյ Ղեկավարի Յայտարարութիւնը Կը Նկատեն Անընդունելի

Մատրիտի իշխանութիւնները Քաթալոնիոյ անկախութեան շուրջ մարզի կառավարութեան ղեկավար Քարլես Փուչտեմոնի յայտարարութիւնը կը նկատեն բացարձակապէս անընդունելի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»: Կառավարութիւնը յիշեցուցած է, թէ հանրաքուէին վերաբերեալ օրինագիծը, որուն հիմամբ Փուչտեմոն կատարած է յայտարարութիւնը, ապօրինի է, իսկ անոր գործողութիւնները կասեցուած են երկրի Սահմանադրական դատարանին կողմէ: «Պի.Պի.Սի.» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ փոխվարչապետ Մորայա Սայնզ տէ Սանթամարիա մերժած է Փուչտեմոնի միջազգային...

ԵԽԽՎ-ն Հաստատեց Ազրպէյճանի  Իշխանութիւնները Քննադատող Բանաձեւերը

ԵԽԽՎ-ն Հաստատեց Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Քննադատող Բանաձեւերը

Երէկ կէսօրին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) անդամները քուէներու ճնշող մեծամասնութեամբ հաստատեցին Ազրպէյճանի մէջ տիրող ներքաղաքական կացութեան վերաբերող երկու բանաձեւերու նախագիծերը: Աւստրիացի Սթեֆան Շենախի եւ ռումանացի Սեզար Ֆլորին Փրտեայի` «Ժողովրդավարական կառոյցներու գործունէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ» անուանումը կրող 15 կէտերէ բաղկացած բանաձեւը հաստատուեցաւ քուէներու 117 կողմ եւ 18 դէմ յարաբերակցութեամբ: Պելճիքացի խորհրդարանական Ալան Տեսթեկսի հեղինակած «Ազրպէյճանի նախագահութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին մէջ: Ի՞նչ պիտի...

Այսօր Երկնաքար Մը  Պիտի Անցնի Երկիրի Կողքէն

Այսօր Երկնաքար Մը Պիտի Անցնի Երկիրի Կողքէն

Այսօր Երկիրի կողքէն պիտի անցնի «2012 Թի.Սի.4» կոչուող երկնաքարը, որ մեծ չէ եւ ունի շուրջ 13 մեթր տրամագիծ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այսօր երկնաքարին եւ մեր մոլորակին միջեւ եղած հեռաւորութիւնը պիտի հասնի նուազագոյնի (50.000 քմ): Թէեւ տիեզերական չափորոշիչներու համաձայն, ասիկա շատ մօտիկ տարածութիւն է, բայց եւ այնպէս` նոյնիսկ այդ պարագային նշեալ երկնաքարը տեսնելու համար պէտք է հզօր հեռադիտակ գործածել:...

Պիւլպիւլօղլու Յետս Կոչեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  Ընդհանուր Քարտուղարի Իր Թեկնածութիւնը

Պիւլպիւլօղլու Յետս Կոչեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Իր Թեկնածութիւնը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնի թեկնածու, Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու դադրեցուց այդ պաշտօնին համար իր պայքարը` յետս կոչելով իր թեկնածութիւնը: Ան երկուշաբթի օր տեղի ունեցած ընտրութեան առաջին փուլին 58 քուէներէն միայն 2 քուէ յաջողած էր ապահովել: Երէկ տեղի ունեցած քուէարկութեան երկրորդ փուլին դարձեալ առաջին դիրքը գրաւեց Քաթարի թեկնածու դոկտ. Համատ պըն Ապտուլազիզ Քաուարին` ապահովելով 58 քուէներէն 20-ը: Երկրորդ փուլին...

Page 662 of 883 1 … 661 662 663 … 883

Արխիւներ