Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Հիւպատոսարանի Աշխատակիցներու Եւ Քաղաքացիներու Ձերբակալման Հարցով. Թիլըրսըն Անգարայէն Ապացոյցներ Պահանջած Է

October 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնած է Պոլսոյ մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանի աշխատակիցներու եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու ձերբակալման առնչութեամբ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ:

Ըստ անոր, «Թիլըրսըն ընդգծած է այն անհրաժեշտութիւնը, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անոնց ներկայացուած մեղադրանքներուն ապացոյցները տրամադրէ»:

Կողմերը համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները տուեալ կացութեան շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ զինուորական յարաբերութիւնները չեն ազդուած երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական լարուածութենէն, եւ ինք պիտի շարունակէ թուրք զինուորականներու հետ սերտ գործակցութիւնը:

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործընկերն է, եւ միասնաբար, զինուորականներ զինուորականներու հետ լաւ աշխատանք կը տանինք` մնալու դաշնակից ընդդէմ հասարակաց մեր թշնամիին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով թուրք-ամերիկեան դիւանագիտական խնդիրներուն ապագայ գործողութիւններու վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումի մը` Մաթիս ըսաւ, որ չ՛ուզեր դէպքերու զարգացման վերաբերեալ ենթադրութիւն կատարել` նշելով, որ նախապէս ծագած լարուածութիւնները չեն վնասած երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական յարաբերութիւններուն:

Միւս կողմէ, թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս Թուրքիոյ մէջ իր առաքելութեան աւարտին առիթով խօսք մը արտասանելով թրքական իշխանութիւններուն յիշեցուցած է, որ Թուրքիան տարբեր բնագաւառներու մէջ թուրք-ամերիկեան համագործակցութենէն շատ բան շահած է:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, դիմելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, յայտնած է, թէ Թուրքիոյ տարածքին ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներու դադրեցման համար թրքական կողմը պարտական է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բնագաւառին մէջ Միացեալ Նահանգներուն հետ լայն համագործակցութեան:

«9,5 ամիս Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական յարձակում տեղի չունեցաւ: Ատոր պատճառը այն չէ, որ ՏԱՀԵՇ-ը հրաժարած է ձեր դէմ գործելէ: Ատիկա եւս Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակաահաբեկչական ծրագիրներուն մէջ միացեալ աշխատանքի արդիւնքն է», ըսած է Պաս:

Նշենք, որ Պաս Թուրքիայէն կը մեկնի Աֆղանիստան:

 

 

Նախորդը

Քրտական Ինքնավար Մարզի Իշխանութիւնները Կը Փակեն, Ապա Կը Վերաբանան Մուսուլ-Էրպիլ Ճամբան

Յաջորդը

Մատրիտ Քաթալոնիոյ Իշխանութեան Անկախութենէն Հրաժարելու Համար 8 Օրուան Պայմանաժամ Ճշդած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.