Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրտական Ինքնավար Մարզի Իշխանութիւնները Կը Փակեն, Ապա Կը Վերաբանան Մուսուլ-Էրպիլ Ճամբան

October 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքեան ապահովական աղբիւր մը գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւնները փակած են Էրպիլ եւ Մուսուլ քաղաքներուն միջեւ ցամաքային ճամբան:

Փեշմերկաները Խազարի ճամբան` Քրտական մարզի Մուսուլի ուղղութեամբ վերջին կէտը փակած են հողաթումբերով եւ շաղախէ պլոքներով:

Քրտական մարզի կառավարութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ տեղեկութիւններ ունի, թէ իրաքեան ուժերը կը պատրաստուին քիւրտ զինեալներուն դէմ լայնածաւալ յարձակում մը շղթայազերծելու:

Քրտական մարզի անվտանգութեան մարմինը նշեց. «Մեզի տեղեկութիւններ հասան, թէ իրաքեան ուժերը, աշխարհազօրայինները եւ դաշնակցային ոստիկանութիւնը մտադիր են Քիւրտիստանի դէմ յարձակում շղթայազերծել»: «Արապիյա» աւելի ուշ հաղորդեց, որ քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւնները քանի մը ժամ ետք վերաբացած են Էրպիլ-Մուսուլ ճամբան:

Միւս կողմէ, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը սկսած են նոր սպառազինութիւն կուտակել Իրաքի հետ սահմանին վրայ:

Ըստ «Անատոլու»-ի, թրքական բանակը չորեքշաբթի գիշեր երկրի հարաւային Շըռնաք նահանգ տեղափոխած է մեծ քանակութեամբ հրասայլային ստորաբաժանումներ:

Ըստ նախնական տուեալներուն, անոնք պէտք է օգտագործուին Իրաքի բանակին հետ Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէէն ետք սկսած միացեալ ռազմափորձերուն ընթացքին:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի աւելի ուշ յայտարարեց. «Բանակը պիտի չօգտագործենք ժողովուրդին դէմ եւ քիւրտ կամ այլ քաղաքացիներու դէմ պատերազմ պիտի չմղենք»:

Նախորդը

Համաս Եւ Ֆաթհ Գահիրէի Մէջ Հաշտութեան Համաձայնութիւն Ստորագրեցին

Յաջորդը

Ամերիկեան Հիւպատոսարանի Աշխատակիցներու Եւ Քաղաքացիներու Ձերբակալման Հարցով. Թիլըրսըն Անգարայէն Ապացոյցներ Պահանջած Է

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.