Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ տակաւին չի գիտեր, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրի ապագային վերաբերեալ: Ան այս մասին յայտնած է «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ Թրամփ ի՛նչ մտադիր է ընել` պաշտօնապէս յայտարարել, թէ՛ Իրանը կը կատարէ՞ իր պարտաւորութիւնները, թէ՞ յայտարարել համաձայնագիրէն հեռանալու մասին:
«Մենք կրնանք ընել թէ՛ այդ, թէ՛ միւսը: Ես տակաւին յստակ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընեմ», ըսած է Թրամփ:
Ան կրկնած է նախապէս իր կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ 2015-ին Թեհրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնագիրը իր տեսած համաձայնագիրներուն մէջ վատագոյնն է, որովհետեւ Ուաշինկթըն ատոր դիմաց ոչինչ ստացած է:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին պաշտպանած էր Վեցեակին հետ իր երկրին կնքած համաձայնագիրը` յայտնելով. «Բանակցութիւններուն մէջ եւ հիւլէական համաձայնութեան մէջ մենք հասած ենք այնպիսի շահեկան որոշումներու եւ հարցերու, որոնցմէ ետքայլ չկայ: Ոչ ոք կրնայ փոխել այդ` ո՛չ պարոն Թրամփը, ո՛չ ալ ուրիշ մէկը: Եթէ նոյնիսկ աշխարհի վրայ յաւելեալ տասը Թրամփ յայտնուի, ոչինչ կարելի պիտի ըլլայ փոխել», ըսած էր Ռուհանի:
Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին բացատրելով իր «անդորր փոթորիկէն առաջ» յայտարարութիւնը, ըսած է, թէ անիկա կապ ունէր Հիւսիսային Քորէայի առնչուած կացութեան եւ վերջինիս հիւլէական հրթիռներու ծրագիրին կ՛ակնարկէր:
«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ ասիկա շարունակուի: Մենք պարզապէս չենք կրնար», ըսած է Թրամփ:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ ունին զէնք, որ կրնայ դէպքերու 97 առ հարիւրին պարագային հակառակորդի հրթիռները վար առնել: «Մենք շատ ուժեղ ենք: Ես կ՛ուժեղացնեմ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը, մենք մօտ ենք 800 միլիառ տոլարին», ըսած է Թրամփ` ակնարկելով 2018-ի ելեւմտական տարուան համար Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան յատկացուած միջոցներուն:


