Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ Քաթալոնիոյ կառավարութեան անկախութենէն հրաժարելու համար 8 օր ժամանակ տուած է, այլապէս պիտի դադրեցնէ Քաթալոնիոյ ինքնավարութիւնը եւ Մատրիտի կողմէ անմիջական վերահսկողութիւն պիտի սահմանէ:
Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը մինչեւ 16 հոկտեմբեր ժամանակ ունի պատասխանելու: Եթէ Քաթալոնիոյ ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն հաստատէ, որ ինք անկախութիւն հռչակած է, անոր յաւելեալ երեք օր պիտի տրուի մտածելու համար:
Այլապէս պիտի կիրարկուի Սպանիոյ սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածը, որ երկրի վարչապետին կ՛արտօնէ շրջանային կառավարութիւնը լուծարել:


