Միջազգային

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ  Խիստ Մտահոգ Են Թուրքիոյ Մէջ  Տիրող Իրավիճակով»

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ամերիկեւռուսական Միացեալ Ճակա՞տ

«Պիտի շարունակենք գործակցիլ Մոսկուայի հետ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մեր պայքարին մէջ», յայտարարեց Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ երէկ: Ան աւեցուց, որ «յատկապէս Սուրիոյ տագնապին եւ բախումներու դադրեցման ու երկրի վերակառուցման ջանքերուն գծով հասարակաց քայլեր պիտի փնտռենք եւ այդ ուղղութեամբ գործակցինք»: Նման գործակցութիւն, որ կրնայ ամրապնդել կրակմարն ու զինադադարը, առիթ կու տայ սուրիացի կարիքաւորներուն մարդկային օժանդակութեանց ապահով հասնելուն: Բանբերը...

Ծագումով Թուրք Գերմանացի Մը  Կալանաւորուած Է

Ծագումով Թուրք Գերմանացի Մը Կալանաւորուած Է

Սպանիայէն ետք ծագումով թուրք գերմանացի քաղաքացի մը ձերբակալուած է Գերմանիոյ մէջ` ընդառաջելով Թուրքիոյ պահանջին: Ձերբակալեալը` Քեմալ Ք., թուրք այլախոհ մըն է, որ նախապէս Ուքրանիա, ապա Գերմանիա անցած եւ քաղաքական ապաստանի դիմում կատարելէ ետք ստացած է գերմանական քաղաքացիութիւն: Թուրքիա զայն կը մեղադրէ ոճրային արարքներ կատարելու յանցանքով: Նախապէս Գերմանիա մերժած էր ընդառաջել Թուրքիոյ դիմումին` կասկածելով տրուած պատճառաբանութիւններէն եւ թրքական ենթադրեալ մեղադրանքներէն: Ենթական...

«Միայն Մէկ Բան Գործի Կը Ծառայէ  Հիւսիսային Քորէայի Պարագային»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Միայն Մէկ Բան Գործի Կը Ծառայէ Հիւսիսային Քորէայի Պարագային» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Փիոնկիանկի հետ Միացեալ Նահանգներու նախորդ վարչակազմին ապարդիւն բանակցութիւններէն ետք, «միայն մէկ բան գործի կը ծառայէ» Հիւսիսային Քորէայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Նախագահները եւ անոնց վարչակազմերը կը խօսէին Հիւսիսային Քորէայի հետ 25 տարիէ ի վեր, համաձայնութիւններ ձեռք կը բերուէին եւ հսկայական գումարներ կը վճարէին: Անօգուտ մնաց, համաձայնութիւնները...

Արիշի Մէջ Դրամատուն Մը  Եւ  Եկեղեցի Մը` Յարձակման Թիրախ

Արիշի Մէջ Դրամատուն Մը Եւ Եկեղեցի Մը` Յարձակման Թիրախ

Եգիպտոսի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Սինայի թերակղզին երէկ դարձեալ թիրախ դարձաւ զինեալ  յարձակումի, երբ անծանօթներ կրակ բացին հիւսիսային Սինայի նահանգի մայրաքաղաք Արիշի կեդրոնը գտնուող «Ահլի» դրամատան եւ անոր կից Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ ապահովութեան հսկող պահակագունդի մը ուղղութեամբ: «Պի.Պի.Սի.»-ի համաձայն, վերջին երկու օրերուն ընթացքին պատահած այս երկրորդ յարձակումին զոհ գացին վեց հոգի, որոնցմէ չորսը ոստիկաններ էին, իսկ 17 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Նշենք, որ «Ահլի»...

Իրաքեան Ուժերը Իրենց  Հակակշիռին Տակ Կ՛առնեն Քերքուքը

Իրաքեան Ուժերը Իրենց Հակակշիռին Տակ Կ՛առնեն Քերքուքը

Իրաքեան ուժեր երէկ կարեւոր նուաճում մը արձանագրեցին` վերստին Իրաքի դրօշը ծածանելով  վերջերս Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին մասնակցած Քերքուքի շրջանին նահանգապետի կեդրոնին վրայ: Իրաքեան դէպքերու հոլովոյթին մէջ իրաքեան բանակի այս քայլը քիւրտ փեշմերկաներու դէմ առանցքային տեղ գրաւեց շրջանային թէ միջազգային լրատուական աղբիւրներու եւ ղեկավար մարմիններու  հաղորդակցութեանց ընթացքին: Իրաքի բարձրաստիճան պատասխանատու մը կոչ ուղղեց քիւրտերուն վերադառնալու Քերքուքի իրենց բնակավայրերը` խոստանալով...

Աւելի Քան 15 Տարիներէ  Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Իսրայէլ Կը Ծրագրէ Բնակեցման Նոր Վայրեր Կառուցել

Աւելի Քան 15 Տարիներէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Իսրայէլ Կը Ծրագրէ Բնակեցման Նոր Վայրեր Կառուցել

Պաղեստինեան գրաւեալ շրջաններու բնակչութեան հարցերը կարգաւորող իսրայէլեան քաղաքային խորհուրդի շինարարական յանձնախումբը երէկ սկզբունքային հաւանութիւն տուաւ իսրայէլեան  բնակեցման վայրերու 31 միաւորներու կառուցման գծով` պաղեստինեան գրաւեալ շրջաններու Այսրդորդանանի Հեպրոն քաղաքին մէջ: «Պի.Պի.Սի.»-ի Երուսաղէմի թղթակիցը, որ կը հաղորդէ լուրը, կ՛աւելցնէ, թէ կը նախատեսուի, որ 1967-ի պատերազմին ընթացքին պաղեստինեան գրաւուած տարածքները կառավարող Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ծրագրաւորումի յանձնախումբը, իր կարգին համաձայն գտնուի այս որոշումին: Նման...

Սուրիական Օդուժը Կը Հակադարձէ  Իսրայէլեան Ինքնաթիռի Մը

Սուրիական Օդուժը Կը Հակադարձէ Իսրայէլեան Ինքնաթիռի Մը

Սուրիական օդուժի «Սամ 5» տիպի հակաօդային հրթիռներ երէկ առաւօտ հակադարձեցին իսրայէլեան օդուժի ինքնաթիռի մը` ուղղակիօրէն հարուածելով զայն եւ ստիպելով, որ հեռանայ, հաղորդեց լիբանանեան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Դէպքէն ետք իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը հակադարձած ու չէզոքացուցած է Դամասկոսէն յիսուն քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ռամատան դիրքի սուրիական հակաօդային մարտկոցի մը կարեւոր մէկ մասը: Նոյն աղբիւրը աւելցուց, որ Իսրայէլ...

Յարձակում` Լոնտոնի  Մեթրոներէն Մէկուն Մէջ

Յարձակում` Լոնտոնի Մեթրոներէն Մէկուն Մէջ

Անծանօթ մը երէկ դաշոյնի հարուածներով երեք հոգի վիրաւորած է Լոնտոնի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող մեթրոյի մը կայանին մէջ: Բրիտանական ապահովութեան ուժեր փութացած են դէպքին վայրը: Ըստ բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» թերթին, վիրաւորները փոխադրուած են հիւանդանոց: Պատկան աղբիւրներ անհաւանական կը նկատեն, որ դէպքը ահաբեկչական բնոյթ ունենայ:  

Եւրոպական Միութեան Քաղաքացիները  Մարտ 2019-էն Սկսեալ  Պիտի Չկարենան Մուտք Գործել Բրիտանիա

Եւրոպական Միութեան Քաղաքացիները Մարտ 2019-էն Սկսեալ Պիտի Չկարենան Մուտք Գործել Բրիտանիա

Եւրոպական Միութեան երկիրներու քաղաքացիներուն համար Բրիտանիա ազատ մուտքը պիտի դադրի 2019-ի գարնան` Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալով: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ 31 յուլիսին այս մասին հաղորդած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Բրիտանիոյ վարչապետի դիւանատան աշխատակիցի յայտարարութիւնը: Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի պաշտօնական ներկայացուցիչը ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն ազատ տեղափոխութիւնները պիտի դադրին մարտ 2019-ին: Դիւանատան աշխատակիցին համաձայն, Բրիտանիոյ կառավարութեան մէջ...

Դամասկոս Թրքական Ուժերուն Անմիջական  Եւ Առանց Նախապայմանի Հեռացումը Կը Պահանջէ

Դամասկոս Թրքական Ուժերուն Անմիջական Եւ Առանց Նախապայմանի Հեռացումը Կը Պահանջէ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտարարեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները Թուրքիայէն պահանջած են անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի իր ուժերը դուրս բերել սուրիական հողամասերէն: «Սուրիա խստօրէն կը դատապարտէ թրքական ուժերուն Իտլիպ նահանգ մուտք գործելը` ընդգծելով, որ ատիկա ակնյայտ ոտնձգութիւն է Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի ակնյայտ խախտում»: Աղբիւրը «Քորրեսփոնտենթ»-ին յայտնած է. «Թրքական տուեալ ներխուժումը ոչ մէկ...

Թուրքիա Դէմ Է ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ազգային  Պատուիրակութիւններու  Իրաւունքներու Սահմանափակման

Թուրքիա Դէմ Է ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ազգային Պատուիրակութիւններու Իրաւունքներու Սահմանափակման

Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը դէմ պիտի արտայայտուի Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ազգային պատուիրակութիւններու իրաւունքները սահմանափակելու փորձերուն: «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման: «Մենք դէմ ենք այսպէս թէ այնպէս ԵԽԽՎ-ի մէջ երկիրներու ներկայացուցիչներու ձայնի իրաւունքի սահմանափակման: Մեր խորհրդարանականները եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները սերտ կապերու մէջ...

Իրան Փակած Է Իրաքի Հետ Սահմանը

Իրանի իշխանութիւնները` իբրեւ պատասխան Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած վիճայարոյց անկախութեան հանրաքուէին, փակած են հիւսիսային Իրաքի հետ սահմանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան լրատուամիջոցներուն: «Հաշուի առնելով Իրաքի հիւսիսը տեղի ունեցող զարգացումները` Իրան փակած է Պաշմաղ սահմանային դարպասը Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին հետ», յայտնած է իրանեան «Թասնիմ» կայքը: Յիշեցնենք, որ 25 սեպտեմբերին Իրաքի Քրտական...

Երէկ Վերջ Գտաւ Քերքուքէն Հեռանալու  Առնչութեամբ Փեշմերկաներուն  Ներկայացուած Պայմանաժամը

Երէկ Վերջ Գտաւ Քերքուքէն Հեռանալու Առնչութեամբ Փեշմերկաներուն Ներկայացուած Պայմանաժամը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան կողմէ քիւրտ զինեալներուն ներկայացուած` Քերքուքէն հեռանալու ենթադրեալ պայմանաժամ մը վերջ գտած է: Փեշմերկաներուն հրամայուած է Քերքուքը «ամէն գնով» պաշտպանել»: Քիւրտ ապահովական պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ ճշդուած պայմանաժամը կիրակի կանուխ առաւօտ էր, սակայն իրաքեան իշխանութիւնները կը հերքեն այդպիսի պայմանաժամի մը գոյութիւնը: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, նշեալ պայմանաժամը երկարաձգուած է 24 ժամով: Երկու կողմերը յաւելեալ...

Քրտական Ուժերը Ռաքքայի Ազատագրման  «Վերջին Յարձակում»-ը Շղթայազերծած Են

Քրտական Ուժերը Ռաքքայի Ազատագրման «Վերջին Յարձակում»-ը Շղթայազերծած Են

Ամերիկեան աջակցութիւն վայելող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յարձակում շղթայազերծած են Ռաքքայի մէջ մնացած ՏԱՀԵՇ-ի վերջին դիրքերուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»: Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը յայտնեն, որ իրենց յարձակումը շղթայազերծած են երէկ, երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ, անոնց ընտանիքները եւ հարիւրաւոր քաղաքայիններ փոխադրող կարաւան մը հեռացած է քաղաքէն: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Թալալ Սելօ յայտնած է, թէ մնացեալ զինեալներուն, որոնք...

Թիլըրսըն. «Հիւսիսային Քորէայի Հետ  Դիւանագիտական Ջանքերը Պիտի Շարունակուին  Մինչեւ Առաջին Ռումբին Պայթումը»

Թիլըրսըն. «Հիւսիսային Քորէայի Հետ Դիւանագիտական Ջանքերը Պիտի Շարունակուին Մինչեւ Առաջին Ռումբին Պայթումը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն կը պնդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՛ուզէ Հիւսիսային Քորէայի հետ հարցը լուծել դիւանագիտութեան ճամբով: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»: Թիլըրսըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ դիւանագիտական ջանքերը պիտի շարունակուին մինչեւ «առաջին ռումբին պայթումը»: Ան ըսած է, թէ պատժամիջոցներն ու դիւանագիտութիւնը Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական զէնքերու ծրագիրին դէմ միջազգային աննախադէպ...

Զինեալներու Կողմէ Դամասկոսի  Ռմբակոծումը Պատճառեց Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Զինեալներու Կողմէ Դամասկոսի Ռմբակոծումը Պատճառեց Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 4 զոհ եւ 5 վիրաւորներ արձանագրուած են, երբ ընդդիմադիր զինեալներ ռմբակոծած են հին Դամասկոսը: Կայանը կը հաղորդէ նաեւ, որ ընդդիմադիր զինեալները նաեւ ռմբակոծած են Ժարամանայի Թապալէ ճամբան: Դամասկոսի ոստիկանութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ 2 զոհ արձանագրուած է եւ 2 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ հրասանդէ արձակուած երկու ռումբեր ինկած են հին Դամասկոսի վրայ` նշելով, որ առաջին...

Մոկատիշուի Մէջ Ականահարումներու  Զոհերուն Թիւը Նկատառելիօրէն Կը Բարձրանայ

Մոկատիշուի Մէջ Ականահարումներու Զոհերուն Թիւը Նկատառելիօրէն Կը Բարձրանայ

Սոմալիի մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած երկու պայթումներուն զոհերուն թիւը նկատառելի աճ արձանագրեց: Զոհերուն թիւը բարձրացաւ 230-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 200-ի: Շաբաթ օր Մոկատիշուի հարաւային շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ, որմէ ետք առատ հրացանաձգութիւն արձանագրուեցաւ եւ մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ այլ պայթումներու ձայներ լսուեցան: Առաջին պայթումը արձանագրուեցաւ կառավարական գրասենեակներու, պանդոկներու եւ ճաշարաններու մօտ գտնուող խճողուած թաղի...

Քիեւի Օդակայանին Մէջ Ազրպէյճանցի  Լրագրող Մը Ձերբակալուած Է

Քիեւի Օդակայանին Մէջ Ազրպէյճանցի Լրագրող Մը Ձերբակալուած Է

Քիեւի «Պորիսփոլ» միջազգային օդակայանին մէջ սահմանապահները ձերբակալած են Հոլանտայի քաղաքացի մը, որ կը փնտռուէր Ինթըրփոլի կողմէ: «Քորրեսփոնտընթ», յղում կատարելով Ուքրանիոյ Պետական սահմանային ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ 41-ամեայ տղամարդը ձերբակալուած է Քիեւ-Տիւսելտորֆ թռիչքի ճամբորդներու արձանագրման ժամանակ: Ինթըրփոլի տուեալներուն համաձայն, ձերբակալուածին դէմ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է` «խարդախութեան եւ անօրինական գաղթի համար» պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով: Ձերբակալուածը յանձնած են Ազգային ոստիկանութեան աշխատակիցներուն: Միեւնոյն ժամանակ...

Թրամփ Իրանի Նկատմամբ  Իր Նոր Ռազմավարութիւնը Յայտարարեց

Թրամփ Իրանի Նկատմամբ Իր Նոր Ռազմավարութիւնը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն չի կրնար հաստատել, որ Իրան յանձնառու է Վեցեակի հետ կնքուած համաձայնագիրին: Ան Իրանի հետ համաձայնագիրը նկատեց «Ամերիկայի ստորագրած վատագոյն համաձայնագիրը»` աւելցնելով, որ Թեհրան «երկու անգամ չյարգեց հիւլէական համաձայնագիրը»: Թրամփ յայտնեց, որ եթէ Քոնկրեսին ու դաշնակիցներուն հետ աշխատանքի ճամբով լուծումի հասնիլ կարելի չըլլայ, Ուաշինկթըն «պիտի հրաժարի հիւլէական համաձայնագիրէն»: Ան յայտարարեց իր նոր ռազմավարութիւնը...

Թրքական Բանակը Իտլիպ Մուտք  Գործելով Հսկողութեան Կէտեր Հաստատած Է

Թրքական Բանակը Իտլիպ Մուտք Գործելով Հսկողութեան Կէտեր Հաստատած Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը մուտք գործած են Սուրիոյ Իտլիպ նահանգ: Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան եւ ականատեսներու համաձայն, թրքական զինեալ ուժերու առաջին շարասիւնը հինգշաբթի ուշ գիշերին մուտք գործած է Իտլիպ: Շարասիւնը բաղկացած եղած է 30 զինուորական մեքենաներէ: Թրքական շարասիւնին ուղեկցած են Թահրիր Շամ (Ժապհաթ Նուսրայի նոր անունը) խմբաւորումի զինեալները: Սուրիական ազատ բանակի հրամանատարներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած...

Page 661 of 883 1 … 660 661 662 … 883

Արխիւներ