Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Քերքուքի արեւմուտքը զինուորական գործողութիւնները վերջ գտած են եւ ազատագրուած են Հուէյճայի մէջ գտնուող բոլոր տարածքները, ինչպէս նաեւ ամբողջովին ազատագրուած են Ժապալ Մաքհուլը եւ Ժապալ Համրինը:
Ան ընդգծեց. «Քիւրտիստանի մարզի հանրաքուէի մերժման մեր կեցուածքէն ետդարձ չկայ, իսկ երկխօսութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ հետեւեալին վրայ. Իրաքի միութեան, իրաքեան սահմանադրութեան եւ հանրաքուէի արդիւնքին մերժման»:
Նշենք, որ իրաքեան ուժերը հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին յայտարարած էին Հուէյճա գաւառի ՏԱՀԵՇ-էն ամբողջովին ազատագրումը: Այժմ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութիւնը սահմանափակուած է միայն նշեալ գաւառի ետին գտնուող տարածքներով:


