Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Խիստ Մտահոգ Են Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակով»

October 12, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ խիստ մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակով: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ` բացատրելով Պոլսոյ մէջ ամերիկեան հիւպատոսութեան աշխատակիցներուն ձերբակալութիւնները:

Նոուըրթ նշած է, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման ժամանակաւոր դադրեցման որոշումը միակողմանի չէ եւ որդեգրուած է Սպիտակ տան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեամբ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասը մեղադրած էր երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամի ստեղծման յանցանքով` նշելով, որ Անգարան այլեւս Ճոն Պասը Միացեալ Նահանգներու դեսպան չի նկատեր:

Թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ան Սերպիա կատարած իր այցելութեան ժամանակ, պատասխանելով թուրք լրագրողներուն հարցումներուն, վստահեցուցած է, որ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին մէջ «սխալ բան մը կայ», եւ իրենք իրաւունք ունին հետաքննութիւն կատարելու կասկածելի թուացող աշխատակիցներու շուրջ:

«Նախ կ՛ուզեմ նշել, որ ասիկա մեր կողմէ սկսած խնդիր չէ: Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եթէ մինակը որոշում կու տայ` ատիկա շատ մտահոգիչ է: Այդպիսի դեսպան մէկ վայրկեան իսկ պէտք չէ այնտեղ մնայ», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ ինք այլեւս Ճոն Պասը Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան չի նկատեր: Բացի ատկէ, Էրտողան շեշտած է, որ իրեն համար շատ կասկածելի է, թէ յեղաշրջման փորձի գործով կասկածելիները ինչպէ՛ս կրցած են ներթափանցել Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարան:

«Այդ լրտեսները ինչպէ՞ս հիւպատոսարան ներթափանցած են: Ո՞վ անոնց ներս մտցուցած է: Պէտք է մտածել այս մասին», ըսած է Էրտողան:

 

Նախորդը

Մատրիտի Իշխանութիւնները Անկախութեան Մասին Քաթալոնիոյ Ղեկավարի Յայտարարութիւնը Կը Նկատեն Անընդունելի

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Համաձայնութեան Վերաբերեալ Մեր Ծրագիրները Մէկ Ընտրանքի Վրայ Հիմնուած Չեն»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.