Միջազգային

Քաթալոնիոյ Ղեկավարը Կը Ձգտի  Անկախութեան Շուրջ Բանակցութիւններու

Քաթալոնիոյ Ղեկավարը Կը Ձգտի Անկախութեան Շուրջ Բանակցութիւններու

Քաթալոնիոյ ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն շրջանի մայրաքաղաք Պարսելոնայի մէջ Քաթալոնիոյ խորհրդարանի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ իր ժողովուրդը քուէարկած է ի նպաստ անկախութեան, սակայն ինք կ’ուզէ մեղմացնել լարուածութիւնը եւ Մատրիտի հետ բանակցութիւններու ճամբով լուծումի մը հասնիլ: Ան շրջանային խորհրդարանէն խնդրեց առկախել քուէարկութեան արդիւնքը, որպէսզի անմիջապէս անջատուելու փոխարէն կարելի ըլլայ բանակցութիւններու ձեռնարկել: Ան ողջունեց հանրաքուէի հոլովոյթը եւ դատապարտեց սպանական կառավարութեան որդեգրած քայլերը, սակայն...

Էրտողանէն Ետք.  Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանը Կը Մեկնաբանէ Մուտքի  Արտօնագիրներու Թուրք-Ամերիկեան Ճգնաժամը

Էրտողանէն Ետք. Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Մեկնաբանէ Մուտքի Արտօնագիրներու Թուրք-Ամերիկեան Ճգնաժամը

Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման անժամկէտ առկախումը: Ըստ դեսպանին, մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման սահմանափակումը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներուն դէմ չէ, այլ միայն ժամանակաւորապէս կը կասեցուի նոր մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման հոլովոյթը: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Պաս շեշտած է, թէ ատիկա ամերիկեան կողմին համար դիւրին որոշում չէ եղած: «Ասիկա...

Պարզանի Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ  Պաղտատի Հետ Առանց Նախապայմանի  Բաց Երկխօսութիւն Կատարելու

Պարզանի Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Պաղտատի Հետ Առանց Նախապայմանի Բաց Երկխօսութիւն Կատարելու

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտարարեց, որ պատրաստ է Պաղտատի հետ երկխօսութեան, պայմանով որ ատիկա ըլլայ «բաց եւ առանց նախապայմաններու»: Պարզանի Իրաքի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռամոն Պլիքոյի հետ հանդիպումին ընթացքին ողջունեց Էրպիլի եւ Պաղտատի միջեւ տագնապը լուծելու միջազգային նախաձեռնութիւնները եւ դեսպանին հետ քննարկեց 25 սեպտեմբերին քրտական մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէն ու անոր նկատմամբ հակազդեցութիւնները: Միւս...

Ըստ Սուրիոյ Յեղափոխական Ուժերուն.  Թրքական Բանակին Իսկական Նպատակը Քրտական  Աֆրինի Շրջափակումն Ու Հալէպի  Արեւմուտք Մուտք Գործելն Է

Ըստ Սուրիոյ Յեղափոխական Ուժերուն. Թրքական Բանակին Իսկական Նպատակը Քրտական Աֆրինի Շրջափակումն Ու Հալէպի Արեւմուտք Մուտք Գործելն Է

Սուրիական քրտաբնակ Շահպա շրջանին մէջ գործող Յեղափոխական ուժեր խմբաւորումի հրամանատարներէն Հաժի Ահմետ` խօսելով թրքական զինեալ ուժերու Սուրիոյ Իտլիպ նահանգ մուտք գործելու քայլին մասին, յայտարարած է, թէ իրականութեան մէջ Թուրքիոյ նպատակը քրտական Աֆրինի շրջափակումն է եւ Սուրիոյ հիւսիսը ռազմակայան հիմնելը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէքարինճա» կայքը: Ըստ Ահմետի, թրքական կողմը այս հարցին մէջ նոյնիսկ համաձայնութիւն գոյացուցած է Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման...

Մաթիս. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Ստեղծման Առաջարկը Կը Սերտէ»

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Հիւսիսային Քորէայի Հարցի Զինուորական Լուծման» Կ՛ըսէ Մաթիս

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է պատրաստ ըլլան Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ստեղծուած խնդիրի զինուորական լուծումին, եթէ ատոր կարիքը ըլլայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Մաթիս նշած է, որ ներկայ պահուն միջազգային կացութիւնը ծայրայեղ բարդ փուլի մէջ է, իսկ Հիւսիսային Քորէան կը շարունակէ իր սադրիչ գործողութիւնները: «Միացեալ Նահանգներու բանակը պէտք է...

Իրաք Կը Պատրաստուի Վերականգնելու  Քերքուքէն Թրքական Ճէյհան  Քարիւղի Մատակարարումը

Իրաք Կը Պատրաստուի Վերականգնելու Քերքուքէն Թրքական Ճէյհան Քարիւղի Մատակարարումը

Իրաքի քարիւղի նախարար Ժապպար Ալի Լաայիպի պահանջած է որքան կարելի է շուտ վերսկսիլ իրաքեան Քերքուք նահանգէն դէպի թրքական Ճէյհան նաւահանգիստ քարիւղի արտածման աշխատանքները` այդպիսով շրջանցելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզէն անցնող այլ խողովակաշար մը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ մէկ օր առաջ իրաքցի նախարարը հանդիպում ունեցած է Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին հետ, որուն հետ քննարկած...

Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներու  Պատճառով Արձանագրուած Են Զոհեր

Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներու Պատճառով Արձանագրուած Են Զոհեր

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ ծագած հրդեհներուն պատճառով արձանագրուած է 10 զոհ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Նահանգի հրշէջ ծառայութիւնը յայտարարած է, թէ տարուան ընթացքին հրդեհներէն զոհուած է 13 մարդ: Հրդեհէն վնասուած տարածքին մէջ աւերուած են հարիւրաւոր տուներ: Իրենց բնակած շրջաններէն հեռացուած են շուրջ 20 հազար մարդիկ: Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն արտակարգ դրութիւն հաստատած է Նափա, Սոնոմա եւ...

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական  «Սու-24» Մը Ջախջախուած Է

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական «Սու-24» Մը Ջախջախուած Է

Սուրիոյ Հմէյմիմ ռազմակայանին մէջ, ուր կը գտնուին ռուսական ուժերը, թռիչքի ժամանակ ջախջախուած է «Սու-24» տիպի ռուսական ռմբաձիգը, որուն անձնակազմի անդամները զոհուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ զանգուածային հաղորդակցութիւններու վարչութիւնը: Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումով` «Սու-24» ռմբաձիգը դուրս եկած է էջուղիէն: «10 հոկտեմբերին Հմէյմիմ ռազմակայանէն մարտական խնդիր կատարելու համար թռիչք կատարելու ժամանակ էջուղիէն դուրս...

Թրքական Բանակը Իտլիպի Մէջ  Գործողութիւն Շղթայազերծելը Յայտարարեց

Թրքական Բանակը Իտլիպի Մէջ Գործողութիւն Շղթայազերծելը Յայտարարեց

Թուրքիոյ զինեալ ուժերը մուտք գործած են Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան Իտլիպ նահանգ եւ գործողութեան սկսած, կը կատարուի հետախուզութիւն զինադադարի վերահսկողութեան նպատակով հսկողութեան կէտեր տեղադրելու համար: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը: «Ըստ Իտլիպի շրջանին մէջ անվտանգութեան գօտիներու ստեղծման վերաբերեալ Ասթանայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, երաշխաւոր երկիրներէն մէկուն` Թուրքիոյ զինեալ ուժերը 8 հոկտեմբերին հետախուզութեան գործողութեան սկսած են զինադադարի վերահսկողութեան...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Թուրքիա  Փոխադարձաբար Դադրեցուցած Են Մուտքի  Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Միացեալ Նահանգներ Եւ Թուրքիա Փոխադարձաբար Դադրեցուցած Են Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, ապա ի պատասխան Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի աշխատակիցի ձերբակալութեան ամերիկեան քայլին` Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը, յայտարարած են, թէ կը դադրեցնեն մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութեան աշխատակիցը անցեալ շաբաթ ձերբակալուած է Պոլսոյ մէջ` անցեալ տարի յեղաշրջման փորձի պատասխանատու նկատուող ընդդիմադիր իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան...

Յեղափոխական Պահակագունդը Իբրեւ  Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն  Ճանչնալու Պարագային.  Իրան Կը Սպառնայ Միացեալ  Նահանգներուն «Ջախջախիչ» Պատասխան Տալ

Յեղափոխական Պահակագունդը Իբրեւ Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Ճանչնալու Պարագային. Իրան Կը Սպառնայ Միացեալ Նահանգներուն «Ջախջախիչ» Պատասխան Տալ

Իրան երէկ սպառնաց Միացեալ Նահանգներուն «ջախջախիչ» պատասխան տալ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ ներառելու պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք յոյսով ենք, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ըներ այդ ռազմավարական սխալը», յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի: «Եթէ անոնք այդ սխալը գործեն, Իրանի արձագանգը պիտի ըլլայ վճռական եւ ջախջախիչ», ընդգծած է պաշտօնեան: Կիրակի...

«Մինսքը Մտադիր Չէ Արդարանալ Պաքուի Հետ  Սպառազինական Համագործակցութեան Համար»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Մինսքը Մտադիր Չէ Արդարանալ Պաքուի Հետ Սպառազինական Համագործակցութեան Համար» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքանտր Լուքաշենքօ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի հետ իր երկրին յարաբերութիւնները եղբայրական բնոյթ կը կրեն` յայտարարելով միաժամանակ, թէ մտադիր չէ արդարանալ Պաքուի հետ սպառազինութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք-Պելառուս» լրատու գործակալութիւնը: Լուքաշենքօ Մինսքի մէջ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է. «Մենք գերիշխան անկախ պետութիւն ենք, եւ մենք իրաւունք ունինք որոշել...

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի.  Պաղտատի Իշխանութիւնները Չեն Բացառեր  Քրտական Մարզին Հետ  Համադաշնակցութեան Ստեղծումը

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի. Պաղտատի Իշխանութիւնները Չեն Բացառեր Քրտական Մարզին Հետ Համադաշնակցութեան Ստեղծումը

Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւնները չեն բացառեր Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին հետ համադաշնակցութեան ստեղծումը` Քրտական մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէին պատճառով ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալու համար: Այս մասին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի Քաղաքական ղեկավարութեան խորհուրդի անդամ Ապտալլա Վարաթին: «Համադաշնակցութեան ստեղծման վերաբերեալ առաջարկը փոխանցած է երրորդ կողմը, որ քրտական ինքնավարութեան դրացի պետութիւն մըն է», ըսած է Վարաթի` աւելցնելով,...

Ճէյմս Ափաթուրայ  Այսօր Պիտի Այցելէ Վրաստան

Ճէյմս Ափաթուրայ Այսօր Պիտի Այցելէ Վրաստան

ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր քարտուղարի` Հարաւային Կովկասի երկիրներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ 10 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Վրաստան: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին յայտնած է Վրաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանի առաջին ալիքը: Ափաթուրայ պիտի մասնակցի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաթումի մէջ: Կը նախատեսուի նաեւ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունենայ Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի,...

ՎՈՒԱՄ-ի Ծիրին Մէջ  Պիտի Ստեղծուի Ազատ Տնտեսական Գօտի

ՎՈՒԱՄ-ի Ծիրին Մէջ Պիտի Ստեղծուի Ազատ Տնտեսական Գօտի

Փաստաթուղթեր կը նախապատրաստուին ՎՈՒԱՄ-ի ծիրին մէջ ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանալիծէն` Թիֆլիսի մէջ խօսք արտասանելով ՎՈՒԱՄ-ի անդամ երկիրներու` Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ազրպէյճանի եւ Մոլտովայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին: «Մինչեւ տարեվերջ որոշակի տեղաշարժեր կ՛ակնկալուին այդ ուղղութեամբ», ըսած է Ճանելիծէ: Ան նաեւ արծարծած է ՎՈՒԱՄ-ի տարածքին տագնապներու լուծման հարցը: «ՎՈՒԱՄ-ի մասնակից երկիրներու...

«Ֆրանսա Պիտի Չճանչնայ Քաթալոնիոյ  Միակողմանի Անկախութիւնը»  Կ՛ըսէ Լուազօ

«Ֆրանսա Պիտի Չճանչնայ Քաթալոնիոյ Միակողմանի Անկախութիւնը» Կ՛ըսէ Լուազօ

Ֆրանսա պիտի չճանչնայ Քաթալոնիան, եթէ շրջանը միակողմանի կերպով անկախութիւն հռչակէ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով նախարար Նաթալի Լուազօ: «Եթէ Քաթալոնիան անկախութիւն հռչակէ, ատիկա պիտի ըլլայ միակողմանի, եւ ատիկա պիտի չճանչցուի», «Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Լուազօ: «Քաթալոնիոյ ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ անկախութեան շարժումին...

Ծերակուտական Քորքըր Մեղադրած Է  Թրամփը «Համաշխարհային  Գ. Պատերազմ» Հրահրելու Ջանքերու Համար

Ծերակուտական Քորքըր Մեղադրած Է Թրամփը «Համաշխարհային Գ. Պատերազմ» Հրահրելու Ջանքերու Համար

Ամերիկացի ծերակուտական, Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պապ Քորքըր յայտարարած է, թէ երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարած քաղաքական գիծը Միացեալ Նահանգները կը տանի դէպի «համաշխարհային Գ. պատերազմ»: «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը նշէ, թէ Թրամփի կուսակից ծերակուտականին կարծիքով` նախագահը Սպիտակ տան մէջ իր վարած պաշտօնին կը վերաբերի ինչպէս իրապատում շոուի: «Ան զիս կը մտահոգէ եւ ան պիտի մտահոգէր իւրաքանչիւրը,...

Էրտողան. «Թուրքիա Կը Գործադրէ  Իտլիպի Շուրջ Ռուսիոյ Եւ Իրանի Հետ  Գոյացուցած Համաձայնութիւնը»

Էրտողան. «Թուրքիա Կը Գործադրէ Իտլիպի Շուրջ Ռուսիոյ Եւ Իրանի Հետ Գոյացուցած Համաձայնութիւնը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը կը գործադրէ Իտլիպի շուրջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ գոյացած համաձայնութիւնը: «Եթէ միջոցառումներ չորդեգրենք, ռումբերը մեր քաղաքներուն մէջ պիտի իյնան», նշեց ան: Էրտողան աւելցուց, որ Անգարա Իտլիպի գործողութիւնը երէկ սկսած է Սուրիական ազատ բանակին հետ` շեշտելով, որ ատիկա պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Իտլիպը միանայ լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն: «Իտլիպի մէջ միլիոններ վտանգուած են,...

Սուրիական Բանակն Ու Դաշնակիցները  Մայատին Քաղաքին Մէջ Շրջափակեցին ՏԱՀԵՇ-ը

Սուրիական Բանակն Ու Դաշնակիցները Մայատին Քաղաքին Մէջ Շրջափակեցին ՏԱՀԵՇ-ը

Սուրիական բանակը իր դաշնակից ուժերուն օգնութեամբ Տէր Զօր նահանգի Մայատին քաղաքին մէջ շրջափակեց ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը` նշելով, որ հաւատադրժողականները տարածքներ կը կորսնցնեն, եւ կը նեղնայ անոնց շրջափակման օղակը: Մայատինը Սուրիոյ մէջ վերջին մեծագոյն տարածքն է, որ գրաւուած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ: Սուրիոյ բանակը Տէր Զօրի մէջ ազատագրական արշաւ սկսած էր սեպտեմբերին: Մէկ...

«Ամերիկեան Բանակը ՏԱՀԵՇ-ին Համազօր  Պիտի Նկատենք, Եթէ Մեզ Իբրեւ Ահաբեկչական  Կազմակերպութիւն Ճանչնան»  Ըսաւ Զօր. Ժաաֆարի

«Ամերիկեան Բանակը ՏԱՀԵՇ-ին Համազօր Պիտի Նկատենք, Եթէ Մեզ Իբրեւ Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Ճանչնան» Ըսաւ Զօր. Ժաաֆարի

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտարարեց, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու բանակին հետ պիտի վարուի, ինչպէս կը վարուի ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն հետ, եթէ Ուաշինկթըն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ ընդգրկէ իր կառոյցը, ինչպէս նաեւ նշեց, որ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ուժերը պիտի վտանգուին»: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Փրես Թի.Վի.»-ն: Զօր. Ժաաֆարի երէկ այս յայտարարութիւնը կատարեց` մեկնաբանելով այն լուրը,...

Page 663 of 883 1 … 662 663 664 … 883

Արխիւներ