«Սուրիոյ Հետ Մեր Սահմանին Վրայ Ահաբեկչական Բանակ Ստեղծելը Պիտի Վնասէ Ամերիկայի Հետ Մեր Յարաբերութիւններուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց. «Սուրիական սահմանին նկատմամբ մեր մտավախութիւններուն վերաբերեալ ամերիկացի պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները ամբողջովին մեզ չբաւարարեցին»: «Սուրիոյ հետ մեր սահմանին վրայ ահաբեկչական բանակ ստեղծելը Ամերիկայի հետ յարաբերութիւններուն պիտի պատճառէ վնաս մը, զոր կարելի չէ դարմանել», աւելցուց ան: Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Մընպեժի եւ Ռաքքայի վերաբերեալ իր խոստումները չէ յարգած եւ «անոր նկատմամբ մեր...




















