Ազրպէյճանի մէջ ռուսական ներդրումներու ծաւալը արդէն հասած է 1,5 միլիառ տոլարի: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Պաքուի մէջ յայտնած է Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարար Մաքսիմ Օրեշքին` ազրպէյճանական-ռուսական եւ ռուս-ազրպէյճանական գործարար խորհուրդներու ընդլայնուած նիստին ընթացքին:
Ռուս նախարարը ընդգծած է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող «մեծ կարողականութիւնը»:
«Դրական է այն փաստը, որ կ՛աճի երկու երկիրներու փոխադարձ ներդրումներու ծաւալը: Ազրպէյճանի մէջ ռուսական ներդրումներու ծաւալը արդէն հասած է 1,5 միլիառ տոլարի, Ազրպէյճանը նոյնպէս աշխուժօրէն ներդրումներ կը կատարէ Ռուսիոյ մէջ», ըսած է Օրեշքին: