Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինեան Եւ Իսրայէլեան Հակազդեցութիւններ` Ապպասի Ճառին

January 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Մահմուտ Ապպասի արտասանած ճառը պաղեստինեան դատին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն համահունչ չէր` Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) կեդրոնական խորհուրդին կոչ ուղղելով «այս սխալ ընթացքը բարեփոխելու, որդեգրելով Օսլոյի (համաձայնագիրին) ու (Իսրայէլի հետ) ապահովական համակարգումին վերջ տալու վճռական որոշումներ»:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի փոխընդհանուր քարտուղար Ապու Ահմետ Ֆուատ իր կարգին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին կոչ ուղղեց` դադրեցնելու «բռնագրաւումին հետ ապահովական համակարգումը եւ Օսլոյի համաձայնագիրը ջնջելու»` նշելով. «Ապպասի ճառը կը բովանդակէր բազմաթիւ ժխտական անակնկալներ, որոնք պաղեստինցի ժողովուրդին կարծիքը չեն արտայայտեր»:

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Ապպասի ճառը նկատեց «Ապու Մազենի տան քանդումի ճառը»` աւելցնելով, որ անիկա մտքի ցրուածութեան, արաբական չափաւորական երկիրներու զօրակցութեան կորուստի եւ բանակցութիւններէն հրաժարելու ցուցանիշ էր:

Լիպըրման յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը «մանկունակ ու անպատասխանատու կերպով կը վարուի»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետի շրջապատէն անձնաւորութիւն մը յայտնած է, թէ Ապպասի ճառը «մտքի ցրուածութեան ցուցանիշ է եւ կորսնցնելիք ոչինչ ունեցող անձի մը վարմունքը»:

«Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը, յղում կատարելով պաղեստինեան աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Ապպաս Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք, «որոշած է Թրամփի հետ կապերը խզել»: Ըստ իսրայէլեան մամուլի աղբիւրներուն, Սալման իշխանը յայտնած է, որ Ռիատը ամբողջականօրէն կը զօրակցի Թրամփի առաջարկած «դարաշրջանի գործարք»-ին, որ Ապու Տիսը կ՛առաջարկէ իբրեւ Պաղեստինի մայրաքաղաք: Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ Ապպաս յուսախաբ եղած է սէուտական կեցուածքէն:

Իսրայէլեան «Ուալահ» կայքը իր կարգին նշեց, որ Ապպասի ճառը «իր քաղաքական երթին աւարտին հասած ղեկավարի մը պատկերը ուրուագծեց, եւ շատ յստակ է, որ ինք եւս գիտէ այդ իրականութիւնը»:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Կազմուելիք Նոր Կառավարութիւնը Թուրքիոյ Հարցով Զիջումներու Չի Պատրաստուիր

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Լուրջ Կասկածներ Ունի Ազրպէյճանցի Լրագրողի Մը Դէմ Արձակուած Վճիռին Նկատմամբ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.