Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Մէջ Կազմուելիք Նոր Կառավարութիւնը Թուրքիոյ Հարցով Զիջումներու Չի Պատրաստուիր

Յունուար 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ մէջ կազմուելիք համախոհական կառավարութիւնը որեւէ պարագայի Թուրքիոյ հարցով զիջումներ պիտի չկատարէ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը:

Գերմանիոյ մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին, որոնց կը մասնակցին երկրի վարչապետ Անկելա Մերքելի Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւնը, պաւարիական Քրիստոնեայ ընկերային միութիւնը եւ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, կազմուած է ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր յստակացնող ընդհանուր փաստաթուղթ մը:

Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի, բանակցութիւններուն մասնակից երեք քաղաքական ուժերն ալ համակարծիք են Թուրքիոյ հարցին մէջ եւ կը կարծեն, որ այդ խնդիրին մէջ տակաւին զիջումներ կատարելու ժամանակը չէ հասած:

Յայտնի է, որ տրուած որոշումին համաձայն, Գերմանիան պիտի չդիւրացնէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ պիտի չթարմացնէ մաքսային միութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը: Ատոր իբրեւ հիմնական պատճառ կը նշուի Եւրոպական Միութեան համարկման հոլովոյթի ծիրին մէջ շարք մը համաձայնութիւններու չգործադրուիլը Թուրքիոյ կողմէ:

Փաստաթուղթին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ թէեւ Թուրքիան Գերմանիոյ դաշնակիցն է, սակայն երկրին ներքին իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած, ազատ մամուլի դէմ ճնշումները չեն դադրած, իսկ յեղաշրջման փորձէն ետք սահմանուած արտակարգ դրութիւնն ալ չէ վերցուած:

«Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը անկում կ՛ապրին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակը կը վատթարանայ: Այնքան ատեն որ իրավիճակը այսպէս է, Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ նոր էջ չի կրնար բացուիլ: Սակայն նոյն ատեն ներկայիս հոլովոյթը պիտի չփակուի», կ՛ըսուի միացեալ յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Ես Ցեղապաշտ Չեմ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Պաղեստինեան Եւ Իսրայէլեան Հակազդեցութիւններ` Ապպասի Ճառին

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան ՕԹԱՆ-ի  Ոչ Անդամ Գլխաւոր Դաշնակից Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան ՕԹԱՆ-ի Ոչ Անդամ Գլխաւոր Դաշնակից Է»

Նոյեմբեր 20, 2025
Խարազի. «Իրան Պատրաստ Է  Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական  Բանակցութիւններուն Վերսկսելու»
Միջազգային

Խարազի. «Իրան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական Բանակցութիւններուն Վերսկսելու»

Նոյեմբեր 20, 2025
Սթարմըր, Մաքրոն Եւ Մերց Քննարկած Են  Ուքրանիոյ Աջակցութեան Հարցն Ու  Միջին Արեւելքի Կացութիւնը
Միջազգային

Սթարմըր, Մաքրոն Եւ Մերց Քննարկած Են Ուքրանիոյ Աջակցութեան Հարցն Ու Միջին Արեւելքի Կացութիւնը

Նոյեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?