Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Հրետանին Կը Ռմբակոծէ Աֆրինը. Էրտողան. «Յառաջիկայ Օրերուն «Եփրատի Վահան»-ը Պիտի Ամրապնդենք «Աֆրին» Գործողութեամբ»

Յունուար 15, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկրին ուժերը «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը շարունակեն Աֆրինի մէջ:

Թոքաթ նահանգին մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան շեշտեց. «Թուրքիա «Եփրատի վահան» գործողութիւնը պիտի չդադրեցնէ, այլ յառաջիկայ օրերուն զայն պիտի ամրապնդէ «Աֆրին» գործողութեամբ»:

«Մենք շատ լաւ գիտենք Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկիչներուն միջեւ կապերը, ինչպէս նախապէս հաստատեցինք, որեւէ պահու պիտի արշաւենք ահաբեկիչներուն դէմ եւ անոնց դէմ գործի պիտի լծուինք, եթէ մեր երկիրը անոնց կողմէ որեւէ սպառնալիքի ենթարկուի», նշեց ան:

«Կը յուսանք, որ Թուրքիոյ բարեկամ երկիրներուն ուժերը զգուշանան Աֆրինի գործողութեան ընթացքին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողքին երեւելու սխալէն», ըսաւ Էրտողան:

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը յայտարարեց, որ «սուրիական խմբաւորումներու հետ աշխատանք կը տանինք կազմելու 30 հազար անձերէ բաղկացած սահմանապահ նոր ուժ մը»` աւելցնելով. «Նոր ուժը պիտի տեղակայուի թրքական, իրաքեան եւ Եփրատ գետի սահմանին վրայ»:

Թուրքիոյ նախագահի բանբերը մեկնաբանելով Միջազգային դաշինքի յայտարարութիւնը ըսաւ. «Ուաշինկթընի կողմէ քրտական խմբաւորումներ ներառող սուրիական սահմանապահ ուժի մարզումը մտահոգիչ եւ անընդունելի քայլ մըն է»:

Նախապէս հաղորդուեցաւ, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Աֆրին շրջանը ենթարկուած է աւելի քան երկու ժամ տեւած թրքական ռմբակոծումի, որուն թիրախները եղած են Աֆրինի հիւսիսային եւ արեւմտեան գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Տէյր Պալլութ, Իսքա, Շատիրիյա, Պասուֆան, Պըրժ Սուլէյման եւ Ժալմա գիւղերը:

Աֆրինի մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Ռոճոհաթ Ռոժ յայտնած է, որ ռմբակոծումը կատարած են Տարրաթ Իզզաթի եւ Քալաաթ Սըմաանի մէջ գտնուող թրքական ուժերը` աւելցնելով, որ թրքական ուժերը այդ շրջաններուն մէջ տարածուած են Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Ասթանայի մէջ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ: «Ներկայիս մեր կողմէ ռմբակոծում չկայ», ըսաւ ան:

Քրտական ուժերը նշեցին, որ Սուրիա գտնուող թրքական ուժերը շաբաթ օր Աֆրինի դէմ ռումբեր արձակած են, սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Նշենք, որ Էրտողան շաբաթ օր սպառնաց, որ իր երկիրը պիտի քանդէ Աֆրին քաղաքին մէջ քիւրտերու կեդրոնները, եթէ անձնատուր չըլլան:

Ան յայտնեց, որ Իտլիպի նահանգին մէջ թրքական բանակի գործողութիւնը պիտի ճզմէ քրտական ուժերը եւ գրաւէ Աֆրինի շրջանը` աւելցնելով, որ քրտական ուժերը կը փորձեն Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն վրայ ստեղծել «ահաբեկչական միջանցք» մը, որ Աֆրինը կը կապէ արեւելեան Սուրիոյ մէջ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող մեծ շրջանի մը:

Էրտողան նշեց, որ Թուրքիա կրնայ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը նաեւ վտարել Մընպեժէն` աւելցնելով. «Եթէ Մընպեժի մէջ իրենց խոստումները չյարգեն, ապա հարցը մեր ձեռքը պիտի առնենք, մինչեւ որ այդտեղ ահաբեկիչներ չմնան: Պիտի տեսնենք մէկ շաբթուան ընթացքին ինչ պիտի ընենք»:

«Ամերիկան կը կարծէ, թէ Սուրիոյ մէջ աւազակներէ բանակ կազմած է, սակայն պիտի տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս մէկ շաբթուան մէջ պիտի ցրուենք գողերը», յայտարարեց Էրտողան:

 

Նախորդը

Իրանի Իշխանութիւնները Յայտնած Են, Որ Ցոյցերուն Ընթացքին Արձանագրուած Է 25 Զոհ

Յաջորդը

Ապպաս. «Իսրայէլ Վերջ Տուաւ Օսլոյի Համաձայնագիրին Եւ Անիկա Այլեւս Գոյութիւն Չունի»

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ  Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Մայիս 9, 2025
Ուշաքով. «Ալիեւ Մոսկուա Պիտի Չժամանէ»
Միջազգային

Ուշաքով. «Ալիեւ Մոսկուա Պիտի Չժամանէ»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?