Ազրպէյճանի մէջ կորսուած է Ռուսիոյ քաղաքացի, Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի աստղագիտութեան հիմնարկի աշխատակից Տմիթրի Չուլքովը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա» կայքը` յղում կատարելով գիտնականի ծանօթներուն ու հիմնարկի աղբիւրներուն:
Գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւններուն համաձայն, Չուլքով 3 յունուարին Գանձակ մեկնած է եւ մնացած քաղաքի ոչ պետական իջեւանատուներէն մէկուն մէջ:
Իջեւանատան տիրոջ համաձայն, 5 յունուարի հիւրը գացած է Կէօլէօլ լիճը տեսնելու: Տանտէրը Չուլքովին խորհուրդ տուած է թաքսիով երթալ, սակայն ան նախընտրած է քալելով երթալ եւ չէ վերադարձած:
Լիճի ճամբուն վրայ կայ զօրամաս մը, ուր ալ հաւանաբար մտած է երիտասարդը: Որոշ ժամանակ ետք յարկաբաժինը այցելած են անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները, խուզարկած տունը եւ գրաւած անոր իրերը:
9 յունուարին զինուորականները իջեւանատան տիրոջ յայտնած են, որ զինք ազատ արձակած են, սակայն երիտասարդ գիտնականը յարկաբաժին չէ վերադարձած, համացանց չէ մտած, հեռաձայններուն չէ պատասխանած:
Ան պէտք էր Ազրպէյճանէն հեռանար 10 յունուարին, սակայն օդանաւային ընկերութենէն յայտնած են, որ ան օդանաւ չէ նստած:
Այժմ անոր գործընկերներն ու հարազատները կը փնտռեն Չուլքովը: