Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս. «Իսրայէլ Վերջ Տուաւ Օսլոյի Համաձայնագիրին Եւ Անիկա Այլեւս Գոյութիւն Չունի»

Յունուար 15, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Ռամալլայի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) կեդրոնական խորհուրդի նիստին ընթացքին քննադատեց պաղեստինեան կարգ մը շարժումներու բացակայութիւնը ժողովէն` նշելով, որ պահը ճակատագրական է եւ բոլորէն կը պահանջուի մասնակից դառնալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումի հետեւանքներուն դիմակայման:

«Մենք մէկ պետութիւն ենք եւ պէտք է ունենանք մէկ որոշում ու մէկ զէնք, եւ կարելի չէ, որ Կազան պետութիւն մը ըլլայ, իսկ Այսրյորդանանը` այլ պետութիւն», ըսաւ Ապպաս:

Ան յայտնեց, որ զինք նեղացուցած է Համաս շարժումի որոշումը եւ ոչ թէ Իսլամական Ժիհատի, որ քաղաքականութեամբ չի զբաղիր:

Ապպաս մերժեց Թրամփի որոշումը եւ ըսաւ. «Դարաշրջանի գործարքը դարաշրջանի ապտակն է, եւ անոր պիտի պատասխանենք»: Ան յայտնեց, որ Երուսաղէմը յաւիտեանս պիտի մնայ Պաղեստինի մայրաքաղաքը, եւ անցեալի սխալները պիտի չկրկնուին` աւելցնելով, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը ոչ ոքէ ցուցմունք կը ստանայ, երբ հարցը կը վերաբերի ժողովուրդին, հողին ու դատին: «Մենք չենք միջամտեր արաբական ներքին հարցերուն եւ չենք ընդունիր մեր հարցերուն որեւէ միջամտութիւն, իսկ միջամտողներուն կ’ըսենք` «մեզմէ հեռացէք», ըսաւ Ապպաս` աւելցնելով, որ արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները իրենց չի վերաբերիր, «եւ կը մաղթենք, որ այդ երկիրները իրենց հարցերը իրենք լուծեն»:

«Պիտի չընդունինք, որ բռնագրաւումի տակ գտնուող իշխանութիւն ըլլանք, եւ բռնագրաւումը ըլլայ առանց գինի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ապահովութեան խորհուրդին պիտի դիմենք Պաղեստինի պետութեան լիիրաւ անդամակցութիւն ստանալու համար` նոյնիսկ եթէ ամէն անգամ վեթօ օգտագործուի»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Իսրայէլ վերջ տուաւ Օսլոյի համաձայնագիրին, եւ անիկա այլեւս գոյութիւն չունի»: «Չենք ընդունիր, որ Միացեալ Նահանգներ մեր եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդ ըլլան», յայտնեց Ապպաս:

Ան նաեւ յայտնեց. «Արաբական գարունը ամերիկեան գարուն եւ արաբական աշուն է»:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատը ՊԱԿ-ի կեդրոնական խորհուրդին յղած իր նամակին մէջ յայտնեց, որ կը մերժէ «Թրամփի վարչակազմի ցուցմունքներու քաղաքականութիւնը եւ իսրայէլեան կառավարութեան հետ համակարգաբար զանոնք պարտադրելը»:

Ճակատը նաեւ կոչ ուղղեց գումարելու ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ միջազգային խորհրդաժողով մը` «Պաղեստինի պետութեան հաստատման երաշխաւորման համար», ինչպէս նաեւ ուժերը լարելու Կազայի շրջափակումը տապալելու եւ ինթիֆատան իբրեւ ժողովրդային համապարփակ ըմբոստութիւն զարգացնելու:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատը ՊԱԿ-ի կեդրոնական խորհուրդին կոչ ուղղեց` դադրեցնելու Իսրայէլի հետ ապահովական համակարգումը, խզելու իսրայէլեան տնտեսութեան հետ կապը, Կազայի դէմ հաստատուած պատժական տնօրինումներն ու պաշարումը վերցնելու եւ միջպաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութիւն գոյացնելու:

Ճակատը կոչ ուղղեց փակելու իսրայէլեան կողմին հետ բացառապէս ամերիկեան հովանաւորութեամբ երկկողմանի բանակցութիւններու էջը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ոճիրները ներկայացնելու միջազգային քրէական դատարանին:

Իսլամական Ժիհատ շարժումը իր կարգին կոչ ուղղեց մշակելու Օսլոյի համաձայնագիրէն հրաժարելու, Իսրայէլի ճանաչումը ջնջելու, դիմադրութեան աջակցելու եւ զինեալ պայքար ծաւալելու համապարփակ ռազմավարութիւն մը:

Իսլամական Ժիհատ շարժումը յայտնեց, որ բնական է, որ չի մասնակցիր Ռամալլայի մէջ կեդրոնական խորհուրդի ժողովին, «որովհետեւ (խորհուրդը) կ՛անտեսէ այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր»` շեշտելով, որ պաղեստինեան իշխանութիւնները «Կազան պատժելու եւ Այսրյորդանանի մէջ դիմադրութիւնը հետապնդելու լոյսին տակ խորհուրդի ժողովը գումարելուն վրայ կը պնդեն»:

Ըստ Իսլամական Ժիհատին, պաղեստինեան իշխանութիւնը Իսրայէլի հետ լուծում գտնելու համար նոր հովանաւորներ կը փնտռէ եւ Օսլոյի համաձայնագիրը յարգելուն վրայ կը պնդէ:

Շարժումը նաեւ նշեց, որ խորհուրդի նիստը արաբական մայրաքաղաքի մը կամ Կազայի մէջ չգումարելը «կ՛արտացոլէ (պաղեստինեան) դատին վերստին տէր կանգնելու փափաքի բացակայութիւնը»:

Նախորդը

Թրքական Հրետանին Կը Ռմբակոծէ Աֆրինը. Էրտողան. «Յառաջիկայ Օրերուն «Եփրատի Վահան»-ը Պիտի Ամրապնդենք «Աֆրին» Գործողութեամբ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ  Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Մայիս 9, 2025
Ուշաքով. «Ալիեւ Մոսկուա Պիտի Չժամանէ»
Միջազգային

Ուշաքով. «Ալիեւ Մոսկուա Պիտի Չժամանէ»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?