Միջազգային

ՊԱԿ Կ՛որոշէ Երուսաղէմի Վերաբերեալ  Թրամփի Որոշումին Հարցով Դիմել Ապահովութեան  Խորհուրդին Եւ Միջազգային Քրէական Դատարանին

ՊԱԿ Կ՛որոշէ Երուսաղէմի Վերաբերեալ Թրամփի Որոշումին Հարցով Դիմել Ապահովութեան Խորհուրդին Եւ Միջազգային Քրէական Դատարանին

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ) յայտարարեց, որ որոշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող որոշումին հարցով դիմել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ու Միջազգային քրէական դատարանին: Նշենք, թէ կը նախատեսուի, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս այս ամիս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ խօսք մը արտասանէ: ՊԱԿ-ի գործադիր յանձնախումբը շաբաթ օր իր գումարած ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ...

Հակաօդային Հրթիռով Վար Առնուեցաւ Իտլիպի  Վերեւ Թռիչք Կատարող Ռուսական «Սու-25» Մը

Հակաօդային Հրթիռով Վար Առնուեցաւ Իտլիպի Վերեւ Թռիչք Կատարող Ռուսական «Սու-25» Մը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց, որ ըստ նախնական տեղեկութեանց, հակաօդային հրթիռով վար առնուած է Իտլիպ նահանգին վերեւ թռիչք կատարող ռուսական օդանաւ մը` նշելով, որ ջախջախուած օդանաւը «Սու-25» տիպի էր, իսկ  անոր օդաչուն զոհուած է: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական հաշտութեան կեդրոնը թրքական իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար աշխատանք կը տանի ստանձնելու համար դիակը օդաչուին, «որ ահաբեկիչներուն հետ ճակատամարտի...

Հակադարձելով Մաքրոնի`  «Մենք Ֆրանսա Չենք, Որ Ալճերիան Գրաւենք»  Ըսաւ Չաւուշօղլու

Հակադարձելով Մաքրոնի` «Մենք Ֆրանսա Չենք, Որ Ալճերիան Գրաւենք» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու պատասխանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այն յայտարարութեան, որով վերջինս յոյս յայտնած էր, որ քիւրտ զինեալներու դէմ թրքական զինեալ ուժերու` Սուրիոյ մէջ ծաւալած գործողութիւնը Սուրիոյ մէջ չեն վերածուիր բռնագրաւումի: «Մենք Ֆրանսա չենք, որ Ալճերիան գրաւենք: Աֆրինի հարցին մէջ Ֆրանսան կամ այլ երկիր մը մեզի դաս չի կրնար տալ: Այս եւրոպացիները այսպէս երկերեսանի են, դէմքիդ...

«Ռուսիան Մեր Ընկերը Չէ»  Կ՛ըսէ Հէյլի

«Ռուսիան Մեր Ընկերը Չէ» Կ՛ըսէ Հէյլի

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի հանրապետական քոնկրեսականներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու «ընկերը» չէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆոքսնիուզ»: «Ռուսիան մեր ընկերը չէ: Կան շարք մը հարցեր, որոնց ծիրին մէջ մենք կրնանք համագործակցիլ, եւ պէտք է ատիկա ընենք: Սակայն Ռուսիան չի կրնար մեր ընկերը ըլլալ, այնքան ատեն որ անոր կառավարութիւնը ունի ներկայ արժէքներն...

Իսրայէլի Ներքին Գործոց Նախարարը  Երուսաղէմի Մէջ Շարք Մը Պաղեստինեան  Գրասենեակներու Փակումը Հրամայեց

Իսրայէլի Ներքին Գործոց Նախարարը Երուսաղէմի Մէջ Շարք Մը Պաղեստինեան Գրասենեակներու Փակումը Հրամայեց

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Կիլատ Էրտան բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինեան շարք մը հաստատութիւններու փակման եւ փակումի երկարաձգման որոշում հրապարակեց: «Իզրայէլ Թուտէյ» օրաթերթը հաղորդեց, որ որոշումը կը ներառէ Առեւտուրի գրասենեակը, Զբօսաշրջութեան բարձրագոյն խորհուրդը, Պաղեստինեան ուսումնասիրութեանց կեդրոնը, Պաղեստինցի գերիի ակումբը եւ Ընկերային ու վիճակագրական ուսումնասիրութեանց գրասենեակը: Օրաթերթը կը նշէ, թէ Էրտանի որոշումը տրուած է հիմնուելով 1994-ին հրապարակուած իսրայէլեան օրէնքի մը, որ Պաղեստինեան...

Ցած Տեղատուութեան Եւ Անձրեւներու  Բացակայութեան Պատճառով  Վենետիկի Ջրանցքները Ցամքած Են

Ցած Տեղատուութեան Եւ Անձրեւներու Բացակայութեան Պատճառով Վենետիկի Ջրանցքները Ցամքած Են

Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքը, որ աշխարհին յայտնի է կիսով չափ ջուրի տակ սուզուած ըլլալու շնորհիւ, զրկուած է իր հռչակաւոր ջրանցքներուն մէկ մասէն: Բրիտանական «Տը Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը նշէ, որ ջրանցքները ցամքած են գերլուսնի եւ լիալուսնի պատճառով ցած տեղատուութեան հետեւանքով, ինչպէս նաեւ անձրեւներու բացակայութեան պատճառով: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, թէ ջրանցքներու ցամքելուն պատճառով կոնտոլները անգործ շարուած են շինութիւններու մօտ: Լուսանկարիչները շտապած են...

Դամասկոս. «Կը Պահանջենք, Որ Թուրքիա  Իր Ներխուժող Ուժերը  Հեռացնէ Սուրիական Հողերէն»

Դամասկոս Թրքական Ուժերը Կը Նկատէ Ներխուժող Ու Բռնագրաւող Եւ Կը Սպառնայ Անոնց Հետ Վարուիլ Իբրեւ Այդպիսին

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Սուրիան կը մերժէ թրքական վարչակարգին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1373, 1624, 1170 եւ 1178 բանաձեւերուն վրայ յենելու փորձերը, որովհետեւ այդ որոշումներէն ոչ մէկը կ՛արտօնէ այլ պետութիւններու գերիշխանութիւնը ոտնահարել եւ անոր հողերուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծել»: «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութիւնը Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան...

Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին Մէջ  Սոչիի Պատուիրակութիւնը Փոխադրող  Օդանաւը Հրթիռակոծուեցաւ

Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Սոչիի Պատուիրակութիւնը Փոխադրող Օդանաւը Հրթիռակոծուեցաւ

Երէկ առաւօտ, Սոչիի պատուիրակութեան առաջին խումբը փոխադրող օդանաւը Դամասկոսի միջազգային օդակայան էջք կատարած պահուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծուեցաւ: Պատուիրակութեան մաս կազմող Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան «Գանձասար»-ին ըսաւ. «Օդանաւին էջք կատարած պահուն, առաջին հրթիռը ինկաւ օդանաւէն քանի մը մեթր անդին, ապա երկու հրթիռներ եւս թիրախ դարձուցին օդանաւը: Բարեբախտաբար վիրաւորուողներ չեղան: Օդանաւն ալ չվնասուեցաւ: Ապահովական ուժեր անմիջապէս անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրին,...

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան  Գաղտնի Սպասարկական Հանդիպում

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Գաղտնի Սպասարկական Հանդիպում

Ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ռուսական գաղտնի սպասարկութենէն երկու պաշտօնատարներ անցեալ շաբաթ այցելած են Ուաշինկթըն, ուր հանդիպում ունեցած են «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Մայք Փոփիոյի հետ: Օրաթերթը հաղորդեց, որ վերջինս հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գաղտնի սպասարկութեան բաժանմունքի տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինի եւ Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակի` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի ղեկավար Ալեքսանտր Փորթինենքոյի հետ` նշելով, որ Ուաշինկթըն այցելած է նաեւ Ռուսիոյ զինուորական տեղեկահաւաքի բաժանմունքի...

«Ազեզի, Ժարապլուսի Եւ Մերալի Մէջ  Նշանակած Ենք Ոստիկանապետներ  Ու Գաւառապետներ»  Կ՛ըսէ Սոյլու

«Ազեզի, Ժարապլուսի Եւ Մերալի Մէջ Նշանակած Ենք Ոստիկանապետներ Ու Գաւառապետներ» Կ՛ըսէ Սոյլու

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու խոստովանած է, որ Թուրքիան բռնագրաւած է հիւսիսային Սուրիոյ երեք շրջաններ: Այդ մասին կը գրէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը: «Ես` իբրեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար, կը յայտարարեմ, որ Ազեզի, Ժարապլուսի եւ Մերալի մէջ մեր կողմէ նշանակուած են ոստիկանապետներ, գաւառապետներ եւ կիսազինուորական ոստիկանութեան հրամանատարներ», ըսած է Սոյլու: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին համար մեղադրած...

Իսրայէլ Կը Դատապարտէ.  Լեհաստանի Ծերակոյտը Որդեգրեց Լեհերը  Ողջակիզումին Մեղսակից  Նկատելը Արգիլող Օրէնք Մը

Իսրայէլ Կը Դատապարտէ. Լեհաստանի Ծերակոյտը Որդեգրեց Լեհերը Ողջակիզումին Մեղսակից Նկատելը Արգիլող Օրէնք Մը

Լեհաստանի Ծերակոյտը որդեգրած է օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ լեհերը մեղսակից նկատել Ողջակիզումին: Օրէնքի հակառակորդները զայն կը նկատեն պատմութիւնը վերաշարադրելու փորձ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»: Օրէնքը նաեւ կ՛արգիլէ Լեհաստանի տարածքին եղած նացիական ճամբարները անուանել «լեհական»: Ատոր համար կը նախատեսուի տուգանք կամ երեք տարուան բանտարկութիւն: Որպէսզի օրէնքը ուժի մէջ մտնէ, զայն պէտք է ստորագրէ երկրին նախագահը: Նշեալ օրէնքը արդէն յառաջացուցած...

Մաքրոն Կը Զգուշացնէ Աֆրինի Դէմ Թրքական  Գործողութեան Բռնագրաւումի Վերածուելէն

Մաքրոն Կը Զգուշացնէ Աֆրինի Դէմ Թրքական Գործողութեան Բռնագրաւումի Վերածուելէն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն զգուշացուց Աֆրինի դէմ թրքական գործողութեան բռնագրաւումի վերածուելէն, ինչ որ կրնայ իսկական խնդիր ստեղծել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը չյարգելու առումով: Մաքրոն ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն դարձեալ պիտի խօսի իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: «Աֆրինի դէմ գործողութիւնը Թուրքիոյ սահմաններուն դէմ ահաբեկչական հաւանական սպառնալիքի մը դէմ պայքարէն այլ ուղղութիւն ստացաւ եւ...

Սոչիի Խորհրդաժողովի Արդիւնքին Նկատմամբ  Գոհունակութիւն Յայտնելով`  Իտլիպի Մէջ Հսկողութեան Կէտերու Հաստատումը  Արագացնելու Շուրջ Փութին-Էրտողան Համաձայնութիւն

Սոչիի Խորհրդաժողովի Արդիւնքին Նկատմամբ Գոհունակութիւն Յայտնելով` Իտլիպի Մէջ Հսկողութեան Կէտերու Հաստատումը Արագացնելու Շուրջ Փութին-Էրտողան Համաձայնութիւն

Թրքական նախագահական պալատէն աղբիւր մը երէկ յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ անոր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութին համաձայնութիւն գոյացուցած են արագացնելու Իտլիպի մէջ հսկողութեան կէտերու հաստատումը: Երկու նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտած են Սոչիի մէջ Սուրիական խաղաղութեան խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը` հակառակ անոր ընթացքին ծագած խնդիրներուն: Աղբիւրը աւելցուց, որ Էրտողան Փութինին ներկայացուցած է Աֆրինի դէմ թրքական գործողութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ:...

«Երուսաղէմը Իբրեւ Իսրայէլի Մայրաքաղաք  Ճանչնալը Միացեալ Նահանգներու  Գերիշխանական Իրաւունքն Է»  Ըսաւ Թրամփ

«Երուսաղէմը Իբրեւ Իսրայէլի Մայրաքաղաք Ճանչնալը Միացեալ Նահանգներու Գերիշխանական Իրաւունքն Է» Ըսաւ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Քոնկրեսին մէջ նախագահական տարեկան ճառին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրին կողմէ Երուսաղէմի` իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը «գերիշխանական իրաւունք» է` աւելցնելով, որ կը գործադրէ իր ընտրական խոստումը: Թրամփ Քոնկրեսին կոչ ուղղեց որդեգրելու օրէնք մը` հաստատելու համար, որ ամերիկեան օժանդակութիւնները կը տրամադրուին Ուաշինկթընի բարեկամներուն եւ ոչ թէ թշնամիներուն: Միացեալ Նահանգներու նախագահը Իրաքի եւ Սուրիոյ ՏԱՀԵՇ-էն բռնագրաւուած...

Ըստ «Ժամ»-ի.  Սուրիոյ Մէջ Արձանագրուած Է  Ռուսիա-Թուրքիա Բախում Մը

Ըստ «Ժամ»-ի. Սուրիոյ Մէջ Արձանագրուած Է Ռուսիա-Թուրքիա Բախում Մը

Հայրենի «Ժամ» կայքը կը հաղորդէ, որ 30 յունուարի գիշերը Սուրիոյ մէջ արձանագրուած է Ռուսիա-Թուրքիա «առաջին» բախումը, երբ թրքական զինեալ ուժերը փորձած են ընդլայնել Սուրիոյ հիւսիսը գործադրուող ներխուժման ծրագիրը: Մասնաւորաբար, երբ թրքական բանակը փորձած է ներխուժել Հալէպի նահանգ, դարձած է սուրիական զօրքերու եւ ռուսական կործանիչներու թիրախը: Կարճ ժամանակ ետք թուրքերը հեռացած են այդ ուղղութենէն` զգալով, որ կրնան լուրջ ճգնաժամ յառաջացնել ռուս-թրքական...

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Դամասկոսը  Հարուածած Երկակի Ահաբեկչական Յարձակումը

Ուաշինկթըն. «Իրանի Հետ Համաձայնութենէն Պիտի Հրաժարինք, Եթէ Անոր Բացթողումները Չսրբագրուին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի հրաժարի Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութենէն, եթէ եւրոպացի գործընկերները աշխատանք չտանին «անոր մէջ գոյութիւն ունեցող բացթողումներու սրբագրման ուղղութեամբ»: Պատասխանելով այդ համաձայնութեան շուրջ եւրոպացիներուն հետ այս շաբաթ քննարկումներ կատարելու շուրջ հարցումի մը` Նոուըրթ ըսաւ. «Կը շարունակենք մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ արդիւնաւէտ քննարկումները եւ կը փորձենք լուծել այս...

Սոչիի Խորհրդաժողովին Մասնակիցները  Յանձնառութիւն Յայտնեցին Սուրիոյ  Հողային Ամբողջականութեան

Սոչիի Խորհրդաժողովին Մասնակիցները Յանձնառութիւն Յայտնեցին Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութեան

Երէկ Սոչիի մէջ Միջսուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը ընթացք առաւ ուշացումով, երբ կարգ մը մասնակիցներ ուշացան ներկայանալ, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը հեռացաւ խորհրդաժողովէն: Խորհրդաժողովին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ Սուրիայէն, Ժընեւէն, Գահիրէէն, Մոսկուայէն եւ Անգարայէն Սոչի հասած են 1511 անձեր, որոնցմէ 107-ն` արտասահմանի սուրիական ընդդիմութենէն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խորհրդաժողովի բացման խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ Սոչիի խորհրդաժողովը պիտի նպաստէ սուրիացիներու միաւորման` նշելով,...

«Ձիթենիի Ճիւղ» Գործողութիւնը  Յաջողութեամբ Կ՛ընթանայ Ըստ Ծրագիրի»  Ըսաւ Չաւուշօղլու

«Ձիթենիի Ճիւղ» Գործողութիւնը Յաջողութեամբ Կ՛ընթանայ Ըստ Ծրագիրի» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկրին Աֆրինի դէմ շղթայազերծած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը յաջողութեամբ կ՛ընթանայ ըստ ծրագիրի` նշելով. «Մեր զինուորները եւ Սուրիական ազատ բանակը ապահով հողի վրայ կը յառաջանան, եւ յաջողեցան գրաւել շարք մը գիւղեր ու քաղաքներ, եւ գործողութիւնը պէտք եղածին պէս կը շարունակուի»: «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեամբ մարտի դաշտին ու (բանակցութեան) սեղանի վրայ դարձանք ուժեղ: Մարտի դաշտին...

«Ռուսիան Կը Փորձէ Փճացնել Միացեալ  Նահանգներու Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւնները,  Սակայն Պիտի Չյաջողի»  Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Միացեալ Նահանգներու Նոր Պատժամիջոցները Պիտի Վերաբերին Ռուսական Զէնք Գնողներուն

Ռուսիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցները, եթէ որդեգրուին, կրնան վերաբերիլ Ռուսիայէն դուրս գտնուող ընկերութիւններու: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ: Ան ճշդած է, որ պատժամիջոցներու թիրախ կրնան դառնալ այն ընկերութիւնները, որոնք կը համագործակցին Ռուսիոյ պաշտպանական-արդիւնաբերական համալիրին հետ: Նոուըրթի պնդումով` «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքը...

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ «Պրեքզիթ»-էն Ետք  Իր Երկիրը Պիտի Դառնայ Բրիտանիոյ  Առեւտրական «Մեծ» Գործընկերը

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ «Պրեքզիթ»-էն Ետք Իր Երկիրը Պիտի Դառնայ Բրիտանիոյ Առեւտրական «Մեծ» Գործընկերը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք, Միացեալ Նահանգներ պիտի դառնան առեւտուրի բնագաւառին մէջ անոր «մեծ» գործընկերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք գիտենք, որ դուք սահմանափակուած էք երկու տարուան ժամկէտով (Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս պիտի գայ մարտ 2019-ին, «Ա.»)... Սակայն մենք համաձայնագիր պիտի կնքենք Բրիտանիոյ հետ: Մենք պիտի ըլլանք...

Page 636 of 883 1 … 635 636 637 … 883

Արխիւներ