Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Գաղտնի Սպասարկական Հանդիպում

February 2, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ռուսական գաղտնի սպասարկութենէն երկու պաշտօնատարներ անցեալ շաբաթ այցելած են Ուաշինկթըն, ուր հանդիպում ունեցած են «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Մայք Փոփիոյի հետ:

Օրաթերթը հաղորդեց, որ վերջինս հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գաղտնի սպասարկութեան բաժանմունքի տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինի եւ Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակի` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի ղեկավար Ալեքսանտր Փորթինենքոյի հետ` նշելով, որ Ուաշինկթըն այցելած է նաեւ Ռուսիոյ զինուորական տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավարը, սակայն յստակ չէ, թէ ան եւս հանդիպում ունեցած է Փոմփիոյի հետ:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած են, որ հանդիպումին մասնակցելու համար Մոսկուայէն Ուաշինկթըն կանչուած է ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան մէկ բարձրաստիճան պաշտօնատարը, որ կը բնակի Մոսկուայի մէջ:

Նշեալ հանդիպումին վերաբերեալ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց պաշտօնատարներուն ուղարկուած հաղորդագրութիւնը Ռուսիան նկատած է Ուաշինկթընի հետ աշխատելու պատրաստ գործընկեր մը` նշելով, որ երկիրները պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերուն մէջ գործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ քննարկումներ կատարեն:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա մերթ ընդ մերթ կը փոխանակեն անոնցմէ իւրաքանչիւրին սպառնացող վտանգներու մասին տեղեկութիւններ, սակայն ատիկա կարելի չէ համեմատել Միացեալ Նահանգներու եւ անոր արեւմտեան դաշնակիցներուն միջեւ սերտ գործակցութեան հետ:

Հակառակ անոր որ երկու երկիրներու գաղտնի սպասարկութեանց պաշտօնատարներուն միջեւ հանդիպումները արտասովոր են, սակայն այս ժողովը աննախադէպ չէ, որովհետեւ Փոմփիօ մայիս 2017-ին Մոսկուա կատարած իր այցելութեան ընթացքին արդէն հանդիպում ունեցած էր ռուսական գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատարներուն հետ:

 

 

Նախորդը

«Ազեզի, Ժարապլուսի Եւ Մերալի Մէջ Նշանակած Ենք Ոստիկանապետներ Ու Գաւառապետներ» Կ՛ըսէ Սոյլու

Յաջորդը

Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Սոչիի Պատուիրակութիւնը Փոխադրող Օդանաւը Հրթիռակոծուեցաւ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.