Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի հրաժարի Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութենէն, եթէ եւրոպացի գործընկերները աշխատանք չտանին «անոր մէջ գոյութիւն ունեցող բացթողումներու սրբագրման ուղղութեամբ»:
Պատասխանելով այդ համաձայնութեան շուրջ եւրոպացիներուն հետ այս շաբաթ քննարկումներ կատարելու շուրջ հարցումի մը` Նոուըրթ ըսաւ. «Կը շարունակենք մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ արդիւնաւէտ քննարկումները եւ կը փորձենք լուծել այս կարեւոր հարցը»:
«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն եւրոպացիներուն հետ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան բարեփոխման վերաբերեալ արդիւնաւէտ քննարկումները», աւելցուց ան: