Երէկ առաւօտ, Սոչիի պատուիրակութեան առաջին խումբը փոխադրող օդանաւը Դամասկոսի միջազգային օդակայան էջք կատարած պահուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծուեցաւ:
Պատուիրակութեան մաս կազմող Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան «Գանձասար»-ին ըսաւ. «Օդանաւին էջք կատարած պահուն, առաջին հրթիռը ինկաւ օդանաւէն քանի մը մեթր անդին, ապա երկու հրթիռներ եւս թիրախ դարձուցին օդանաւը: Բարեբախտաբար վիրաւորուողներ չեղան: Օդանաւն ալ չվնասուեցաւ: Ապահովական ուժեր անմիջապէս անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրին, եւ պատուիրակութեան անդամները ապահով կերպով դուրս բերին օդանաւէն ու օդակայանէն»:



