Թրքական Օդուժը Ռմբակոծած Է Իրաքի Կորդուաց Շրջանը
Թրքական օդուժը հարուածներ հասցուցած է Իրաքի հիւսիսային Կորդուաց շրջանին մէջ գտնուող քիւրտ զինեալներու դիրքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Թրքական բանակը յայտնած է, որ ոչնչացուցած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան պատկանող 11 դիրքեր: Թրքական զինեալ ուժերու հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ առաջադրանքը կատարելէ ետք թրքական օդուժի «Էֆ-16»-երը վերադարձած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց ռազմակայանները:




















