Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկրին Աֆրինի դէմ շղթայազերծած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը յաջողութեամբ կ՛ընթանայ ըստ ծրագիրի` նշելով. «Մեր զինուորները եւ Սուրիական ազատ բանակը ապահով հողի վրայ կը յառաջանան, եւ յաջողեցան գրաւել շարք մը գիւղեր ու քաղաքներ, եւ գործողութիւնը պէտք եղածին պէս կը շարունակուի»:
«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեամբ մարտի դաշտին ու (բանակցութեան) սեղանի վրայ դարձանք ուժեղ: Մարտի դաշտին մէջ հասանք ահաբեկիչներու գագաթին, իսկ սեղանին վրայ կատարեցինք այն, ինչ որ դիւանագիտութիւնը կը պահանջէ», ըսաւ Չաւուշօղլու:
«Հակառակ անոր որ գործողութիւնը կ՛ընթանայ թափանցիկ կերպով, կարգ մը տեղեկատուութեանց մէջ ապականում գոյութիւն ունի, օրինակ կարգ մը օտար օրաթերթեր հրապարակեցին այն սուտը, թէ մեր հրասայլերը ռմբակոծուած են ու շարք մը զինուորներ նահատակուած, սակայն ատիկա ճիշդ չէ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Ձիթենիի ճիւղ»-ը ե՞րբ պիտի աւարտի, Չաւուշօղլու ըսաւ. «Ներկայիս դժուար է ենթադրութիւն կատարել ճակատի պայմաններուն եւ փոփոխական մթնոլորտին պատճառով: Մեր առաջին նպատակը գործողութիւնը յաջողցնելն ու շրջանը ահաբեկիչներէն մաքրելն է»:
ՄԱԿ Լրջօրէն Մտահոգ Է Աֆրինի
Խաղաղ Բնակչութեան Վիճակով
ՄԱԿ-ը լրջօրէն մտահոգ է Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութեամբ եւ ատոր պատճառով Աֆրինի բնակչութեան սպառնացող վտանգով: Այս մասին կը գրէ թրքական «Տիքեն» կայքը` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Ֆարհան Հաքի յայտարարութեան:
«Երէկ լսեցինք, որ Աֆրինի շրջանին մէջ գտնուող Սէյհ, Հատիտ եւ Քոպալի գիւղերուն դէմ յարձակումներ կատարուած են: Լուրերուն համաձայն, կայ քանի մը զոհ: ՄԱԿ-ը բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` պահպանելու խաղաղ բնակչութիւնը, յարգելու ազատ տեղաշարժի անոնց իրաւունքը եւ անոնց հասցնելու անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւն», ըսած է ՄԱԿ-ի պաշտօնատարը: