Երէկ Սոչիի մէջ Միջսուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը ընթացք առաւ ուշացումով, երբ կարգ մը մասնակիցներ ուշացան ներկայանալ, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը հեռացաւ խորհրդաժողովէն:
Խորհրդաժողովին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ Սուրիայէն, Ժընեւէն, Գահիրէէն, Մոսկուայէն եւ Անգարայէն Սոչի հասած են 1511 անձեր, որոնցմէ 107-ն` արտասահմանի սուրիական ընդդիմութենէն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խորհրդաժողովի բացման խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ Սոչիի խորհրդաժողովը պիտի նպաստէ սուրիացիներու միաւորման` նշելով, որ ներկայիս ապահովուած են սուրիական տագնապը լուծելու եւ համապարփակ միջսուրիական երկխօսութիւն կատարելու բոլոր պայմանները:
Լաւրով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսքը կարդալու ընթացքին ըսաւ, թէ Մոսկուան Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ գործակցաբար աշխատանք տարած է, որ Սոչիի խորհրդաժողովին ապահովուի առաւելագոյն ներկայացուցչութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով Իրանի, Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ին խորհրդաժողովի յաջողութեան մէջ իրենց ներդրումին համար:
Խորհրդաժողովին կազմակերպիչները «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ թրքական պատուիրակութիւնը հեռացած է խորհրդաժողովէն` սահմանադրական յանձնախումբի կազմութեան հարցին իր անհամաձայնութեան պատճառով: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խոստացած է լուծել թրքական պատուիրակութեան հեռանալու հարցը եւ խորհրդաժողովի սրահ մուտք գործել մերժած ընդդիմադիրները վերադարձնել սրահ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան մէկ խմբակը երկխօսութեան խորհրդաժողովին մասնակցելու համար յաւելեալ նախապայմաններ ներկայացուցած է` աւելցնելով, որ Սոչիի օդակայան գտնուող սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութեան հարցը պիտի լուծուի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը Թուրքիայէն խնդրած է խորհրդաժողովին մէջ զինք ներկայացնել: «Ժողովի սկիզբը կարգ մը բաներ պատահեցան, սակայն հարց չկայ, խնդիրը լուծեցինք, եւ ընդդիմադիրները յայտնեցին, թէ կ՛ուզեն, որ Թուրքիան զիրենք ներկայացնէ, եւ մեզ լիազօրեցին», ըսաւ ան:
«Խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի կազմուի սահմանադրութեան յանձնախումբը, եւ Թուրքիան, Իրանն ու Ռուսիան անոր մէջ նոյն թիւով ներկայացուցիչներ պիտի ունենան», նշեց Չաւուշօղլու` աւելցնելով, որ յանձնախումբին պիտի նախագահէ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրան:
Անգարայէն Սոչի հասած սուրիական զինեալ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը յայտարարած էր, թէ Անգարա պիտի վերադառնայ, եթէ սուրիական վարչակարգին դրօշը խորհրդաժողովի լոկոյին վրայէն չվերցուի եւ ռուսական ռմբակոծումը չդադրեցուի:
Նշենք, որ Սոչիի խորհրդաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը յանձնառութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ անկախութեան, հողային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդի միութեան նկատմամբ` ընդգծելով. «Կարելի չէ Սուրիոյ որեւէ մէկ մասէն հրաժարիլ»: Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ սուրիացի ժողովուրդը յանձնառու է բռնագրաւուած Կոլանի` օրինական բոլոր միջոցներով վերատիրացման:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Սուրիան ժողովրդավարական, ոչ յարանուանական պետութիւն մըն է` հիմնուած քաղաքական բազմազանութեան եւ հաւասար քաղաքացիութեան վրայ:
Հաղորդագրութիւնը յանձնառութիւն կը յայտնէ ահաբեկչութեան, ծայրայեղականութեան ու յարանուանականութեան բոլոր տեսակներուն դէմ պայքարին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ մարդկային իրաւանց յարգումը, հիմնարար իրաւունքները եւ անկախ կրօնէն, ցեղէն, սեռէն ու ինքնութենէն բոլոր քաղաքացիներուն հաւասարութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կը յայտարարէ կազմութիւնը սահմանադրութեան բարեփոխման յանձնախումբի մը, որուն մաս կը կազմեն կառավարութենէն ու ընդդիմութենէն լայն ներկայացուցչութեամբ պատուիրակութիւններ, փորձագէտներ, քաղաքացիական հասարակութենէն ներկայացուցիչներ, անկախներ, ցեղախումբերու ղեկավարներ ու կիներ, իսկ անոր անդամները պիտի ընտրուին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի ղեկավարած հոլովոյթի ճամբով: