Միջազգային

Ռուսական Օդանաւի Ջախջախումէն Ետք.  Փութին Ջնջեց Դէպի Սոչի Իր Թռիչքը

Ռուսական Օդանաւի Ջախջախումէն Ետք. Փութին Ջնջեց Դէպի Սոչի Իր Թռիչքը

Ռուսական օդանաւի մը` Մոսկուայի միջազգային օդակայանէն թռիչք առնելէն կարճ ժամանակ անց ջախջախուեքէ ետք, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ջնջեց իր թռիչքը դէպի Սոչի, ուր հանդիպում պիտի ունենար Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Մինչ այդ, ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ Մոսկուայի արուարձաններէն մէկուն մէջ ջախջախուած օդանաւը քաղաքային թռիչք չէր կատարեր, եւ անոր մէջ գտնուողները սովորական ճամբորդներ չէին: Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը...

Քրտական Ուժերը Աֆրինի Մէջ  Վար Առին Թրքական Ուղղաթիռ Մը

Քրտական Ուժերը Աֆրինի Մէջ Վար Առին Թրքական Ուղղաթիռ Մը

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները շաբաթ օր Աֆրինի Ռաժօ շրջանին մէջ վար առին թրքական բանակի «Թի-129» տիպի ուղղաթիռ մը: Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ ուղղաթիռին վար առնուելուն պատճառով սպաննուած են երկու թուրք զինուորներ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ թրքական բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ընթացքին Աֆրինի շրջանին մէջ վար առնուած է թրքական բանակին մէկ ուղղաթիռը: Ան Պոլսոյ...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Բանբերը Մեկնաբանած Է  Ազրպէյճանի Մէջ Արտակարգ  Նախագահական Ընտրութեան Հարցը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերը Մեկնաբանած Է Ազրպէյճանի Մէջ Արտակարգ Նախագահական Ընտրութեան Հարցը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պրիճիթ Պրինք Պաքուի մէջ կարծիք յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ արտակարգ նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: «Նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ մեր խորհուրդը այն է, որ ընտրութիւնը պէտք է անցնի ազատ եւ արդար` երկրի սահմանադրութեան եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն: Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին ժողովրդավարական հոլովոյթներուն, հաւաքներու, խօսքի եւ լրատուամիջոցներու ազատութեան», ըսած է Պրինք:

«Սուրիացի Ժողովուրդը Ինք Եւ Հըզպալլայի  Նման Անոր Աջակիցները Ամերիկացիները  Պիտի Վտարեն Եփրատի Արեւելեան Ափէն»  Կ՛ըսէ Վիլայեթի

«Սուրիացի Ժողովուրդը Ինք Եւ Հըզպալլայի Նման Անոր Աջակիցները Ամերիկացիները Պիտի Վտարեն Եփրատի Արեւելեան Ափէն» Կ՛ըսէ Վիլայեթի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտարարեց. «Սուրիացի ժողովուրդը ինք եւ Հըզպալլայի նման անոր աջակիցները ամերիկացիները պիտի վտարեն Եփրատի արեւելեան ափէն»: Ան յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակում չ՛ընդունիր: «Մեր քիւրտ բարեկամներուն կոչ կ՛ուղղենք  յարգելու Սուրիոյ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները», ըսաւ Վիլայեթի` աւելցնելով. «Սուրիոյ քիւրտերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յանձնառու է սուրիական հողերուն ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան»:  

Չաւուշօղլու. «Մենք Սուրիոյ Մէջ Ասատի  Վարչակարգին Համար Վտանգ Չենք Ներկայացներ»

Չաւուշօղլու. «Մենք Սուրիոյ Մէջ Ասատի Վարչակարգին Համար Վտանգ Չենք Ներկայացներ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերու Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին համար որեւէ վտանգ չի ներկայացներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: «Մենք համամիտ ենք վարչակարգին հետ այն հարցին մէջ, թէ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Սուրիան պառակտել ուզող ահաբեկչական ուժ են, մենք Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգին համար...

Ռուհանի Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու  Աֆրինի Դէմ Զինուորական Գործողութիւնը

Ռուհանի Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Աֆրինի Դէմ Զինուորական Գործողութիւնը

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` դադրեցնելու Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութիւնը եւ յարգելու Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Ռուհանի յայտնած է, որ իրենք կը քննադատեն նաեւ Միացեալ Նահանգները եւ դէմ են Սուրիոյ տարածքին ամերիկացի զինուորներու ներկայութեան: Իրանի նախագահը յայտնած է, որ վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի...

Սուրիական Հակաօդային Համակարգերը  Հակազդեցին Իսրայէլեան Հրթիռներուն

Սուրիական Հակաօդային Համակարգերը Հակազդեցին Իսրայէլեան Հրթիռներուն

Սուրիական բանակը յայտարարեց, որ իսրայէլեան ռմբաձիգներ երէկ արշալոյսին լիբանանեան տարածքէն Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ զինուորական կեդրոնի մը դէմ արձակած են շարք մը հրթիռներ, որոնց մեծամասնութիւնը վնասազերծուած է սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ: Սուրիոյ բանակը յայտնեց, որ պատրաստ է դիմակայելու որեւէ յարձակում եւ շարունակելու պայքարը ահաբեկչութեան դէմ` զայն ջախջախելու համար: Սուրիական բանակը Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց «անհաշիւ նախայարձակումային արկածախնդրութիւններուն վտանգաւոր հետեւանքներուն համար»:...

Թիլըրսըն Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Թիլըրսըն Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն կը պատրաստուի Թուրքիա այցելելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, թէ Թիլըրսընէն քանի մը օր ետք Թուրքիա պիտի այցելէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Հըրպըրթ Մաքմասթըր: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ ՏԱՀԵՇ-ի ջախջախումէն ետք Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները ուղղուած են...

Անդրադառնալով Ժողովրդային Ցոյցերուն`  «Մենք Պէտք Է Հասկնանք Ժողովուրդի Տեսակէտը»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

Անդրադառնալով Ժողովրդային Ցոյցերուն` «Մենք Պէտք Է Հասկնանք Ժողովուրդի Տեսակէտը» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, մեկնաբանելով երկրին մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը, յայտարարած է, թէ իշխանութիւնները պէտք է հանդուրժեն քննադատութիւնը եւ հասկնան ժողովուրդի տեսակէտը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Մարդիկ կը քննադատեն տնտեսութիւնը, կը բողոքեն ատոր դէմ, եւ ատիկա ճիշդ է, սակայն անոնց բողոքները չեն սահմանափակուիր տնտեսութեամբ, անոնք ընկերային եւ քաղաքական հարցեր կ՛արծարծեն, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութիւններ: Մենք պէտք...

Թրքական Բանակը Տիգրանակերտի Մէջ  Քիւրտ Զինեալներու Դէմ  Նոր Գործողութեան Կը Պատրաստուի

Թրքական Բանակը Տիգրանակերտի Մէջ Քիւրտ Զինեալներու Դէմ Նոր Գործողութեան Կը Պատրաստուի

Թրքական զինեալ ուժերը Տիգրանակերտ նահանգին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ նոր լայնածաւալ գործողութիւն մը կը պատրաստեն: Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ նպատակով կրակմարի դրութիւն հաստատուած է Տիգրանակերտի նահանգի 58 գիւղերու մէջ: Լիճէ, Հանի, Քաճաքէօյ եւ Հազրօ շրջաններու բնակիչներուն արգիլուած է տուներէն դուրս գալ մինչեւ կրակմարի դրութեան ջնջման մասին նոր հրամանի հրապարակումը: Զինուորական գործողութեան տեւողութիւնը առայժմ յայտնի չէ:

Իտլիպի Մէջ Ռմբակոծումի Պատճառով Սպաննուած Է  Թուրք Զինուոր Մը Եւ 5 Ուրիշներ Վիրաւորուած Են

Իտլիպի Մէջ Ռմբակոծումի Պատճառով Սպաննուած Է Թուրք Զինուոր Մը Եւ 5 Ուրիշներ Վիրաւորուած Են

Թրքական բանակը յայտարարեց, որ թուրք զինուոր մը սպաննուած է եւ հինգ ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ Իտլիպի մէջ ենթարկուած են յարձակումի: Թրքական զինեալ ուժերը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ զինեալներ երկուշաբթի օր հրասանդներէ արձակուած ռումբերով յարձակում գործած են Իտլիպ նահանգին մէջ հսկողութեան կէտ հաստատող թրքական ուժին դէմ: Վերջինս հակադարձած է: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց. «Թրքական ուժին ընկերակցող քաղաքային մը վիրաւորուեցաւ»: Սուրիական զինեալ...

Դամասկոս Հիւսիսային Սուրիոյ Երկինքին  Հսկող Օդային Պաշտպանութեան  Նոր Համակարգեր Կը Տեղակայէ

Դամասկոս Հիւսիսային Սուրիոյ Երկինքին Հսկող Օդային Պաշտպանութեան Նոր Համակարգեր Կը Տեղակայէ

Դամասկոսի աջակցող դաշինքէն հրամանատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ սուրիական բանակը Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ կը տեղակայէ հակաօդային նոր համակարգեր: Նշեալ հրամանատարը յայտնած է, թէ օդային պաշտպանութեան նոր համակարգերը կը հսկեն հիւսիսային Սուրիոյ երկինքին: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկու օր առաջ յայտարարած էր, որ ուսին վրայ կրակուող հակաօդային համակարգէ մը արձակուած հրթիռ մը վար առած է Իտլիպի...

Մէկ Ամիս Հետապնդուելէ Ետք.  Եամունի Մէջ Սպաննուեցաւ Նապլուսի Մէջ  Քասսամի Փաղանգներու  Գործողութեան Հրամանատարը

Մէկ Ամիս Հետապնդուելէ Ետք. Եամունի Մէջ Սպաննուեցաւ Նապլուսի Մէջ Քասսամի Փաղանգներու Գործողութեան Հրամանատարը

Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինուորական թեւը` Քասսամի փաղանգները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով գուժեցին Ահմետ Նասըր Ժարրարի սպանութիւնը, որ երէկ արշալոյսին Ժընինի արեւմուտքը գտնուող Եամուն գիւղին մէջ սպաննուեցաւ իսրայէլեան գործողութեան մը ընթացքին: Քասսամի փաղանգները առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ Ժարրարը հրամանատարն է իր այն բջիջին, որ քանի մը շաբաթ առաջ Նապլուսի մէջ գործողութիւն կատարեց: «Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ժընինի զինուորական պատասխանատուին,...

Ազրպէյճանի Մէջ Արտակարգ  Նախագահական Ընտրութիւններ

Ազրպէյճանի Մէջ Արտակարգ Նախագահական Ընտրութիւններ

Ազրպէյճանի մէջ 11 ապրիլին տեղի պիտի ունենան արտակարգ նախագահական ընտրութիւններ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսուած է երկրի նախագահի կայքին վրայ տեղադրուած փաստաթուղթին մէջ: «Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկուշաբթի օր ստորագրած է հրամանագիր արտակարգ նախագահական ընտրութիւններու մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան 11 ապրիլ 2018-ին», ըսուած է հրամանագիրի բնագիրին մէջ: Հրամանագիրին համաձայն, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին յանձնարարուած է կազմակերպել...

«Սուրիոյ Մէջ Պիտի Հարուածենք Քրտական  Ջոկատներու Համազգեստով Ոեւէ Մարտիկի,  Նոյնիսկ Եթէ Ամերիկացի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Սուրիոյ Մէջ Պիտի Հարուածենք Քրտական Ջոկատներու Համազգեստով Ոեւէ Մարտիկի, Նոյնիսկ Եթէ Ամերիկացի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերը պիտի հարուածեն Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու համազգեստով ոեւէ մարտիկի, նոյնիսկ եթէ ան ամերիկացի զինուոր ըլլայ: Ան այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն: «Ամերիկացի զինուորներ ալ ըլլան` պիտի հարուածենք, թող մեր դիմաց դուրս չելլեն: Եթէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Մընպեժէն չհեռանան, մենք պիտի մտնենք Մընպեժ, պիտի մտնենք Եփրատի արեւելք»,...

Դանակով Զինուած Անձ Մը Փորձած Է  Ներխուժել Իրանի Նախագահական Նստավայր

Դանակով Զինուած Անձ Մը Փորձած Է Ներխուժել Իրանի Նախագահական Նստավայր

Անծանօթ տղամարդ մը Թեհրանի մէջ փորձած է ներխուժել Իրանի նախագահի նստավայր, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան: «Մենք կը փորձենք ճշդել յարձակողին ինքնութիւնն ու այս քայլին դրդապատճառները», նշած է Թեհրանի նահանգապետի տեղակալ Մոհսեն Համետանի: Տղամարդուն ձեռքը եղած է մեծ դանակ մը: Բացի ատկէ, ան կրած է ճերմակ հագուստ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան պատրաստ...

Թեհրան Անգարային Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու  Աֆրինի Մէջ Թրքական Գործողութիւնը

Թեհրան Անգարային Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Աֆրինի Մէջ Թրքական Գործողութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու Սուրիոյ մէջ իր միջամտութիւնը: «Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ սուրիական հարցով երկխօսութիւնը կը շարունակուի», աւելցուց Ղասեմի: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց. «Թուրքիա Աֆրինի մէջ իր գործողութիւնները պէտք է դադրեցնէ»: Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Աֆրինի շրջանի տեղական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութեան ու...

Էրտողան Եւ Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Շեշտեն  Երուսաղէմի Կարգավիճակի  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Էրտողան Եւ Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Շեշտեն Երուսաղէմի Կարգավիճակի Պահպանման Կարեւորութիւնը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Էրտողանն ու պապը շեշտեցին ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ միջազգային օրէնքին հիմամբ ճշդուած Երուսաղէմի կարգավիճակի պահպանման կարեւորութիւնը: Անոնք իրենց հանդիպումին ընթացքին նաեւ անդրադարձան օտարներու նկատմամբ ատելութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հասարակաց ջանքերը եւ ընդգծեցին կրօններն ու ահաբեկչութիւնը իրարու առնչելուն սխալ ըլլալը: «Պէտք է ետ կանգնիլ ահաբեկչութիւնն ու...

Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Ձախողութենէն Ետք  Հոլանտա Տուն Կանչեց Թուրքիոյ Մէջ Իր Դեսպանը

Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Ձախողութենէն Ետք Հոլանտա Տուն Կանչեց Թուրքիոյ Մէջ Իր Դեսպանը

Հոլանտա տուն կանչած է Թուրքիոյ մէջ իր դեսպանը` յայտարարելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը որեւէ արդիւնք չէ տուած: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը` յղում կատարելով Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին: Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ երկու երկիրները քաղաքական ճգնաժամի ընթացքին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ շարք մը հանդիպումներ ունեցած են, սակայն անոնք...

Կիպրոսի Նախագահ Վերընտրուած  Անասթասիատես  Կը Խոստանայ Շարունակել  Կղզիի Միաւորման Ջանքերը

Կիպրոսի Նախագահ Վերընտրուած Անասթասիատես Կը Խոստանայ Շարունակել Կղզիի Միաւորման Ջանքերը

Կիպրոսի Հանրապետութեան գործող նախագահ Նիքոս Անասթասիատես բոլոր քուէներու հաշուարկման իբրեւ արդիւնք յաղթանակ արձանագրած է նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին ընթացքին` ապահովելով քուէներուն 55,99 առ հարիւրը: Անասթասիատեսի մրցակից Սթաւրոս Մալաս, որուն կ՛աջակցէին Կիպրոսի աշխատաւոր ժողովուրդի յառաջդիմական կուսակցութիւնը, ապահոված է քուէներուն 44,01 առ հարիւրը: Վերընտրուած նախագահի նստաշրջանը կ՛աւարտի 2023-ին: Անասթասիատես յաղթանակի ճառին մէջ խոստացած է շարունակել կղզիի միաւորման ջանքերը: «Հիմնական մարտահրաւէրը, որ ծառացած...

Page 635 of 883 1 … 634 635 636 … 883

Արխիւներ