Հայրենի «Ժամ» կայքը կը հաղորդէ, որ 30 յունուարի գիշերը Սուրիոյ մէջ արձանագրուած է Ռուսիա-Թուրքիա «առաջին» բախումը, երբ թրքական զինեալ ուժերը փորձած են ընդլայնել Սուրիոյ հիւսիսը գործադրուող ներխուժման ծրագիրը: Մասնաւորաբար, երբ թրքական բանակը փորձած է ներխուժել Հալէպի նահանգ, դարձած է սուրիական զօրքերու եւ ռուսական կործանիչներու թիրախը:
Կարճ ժամանակ ետք թուրքերը հեռացած են այդ ուղղութենէն` զգալով, որ կրնան լուրջ ճգնաժամ յառաջացնել ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ: