Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրտական Ուժերը Աֆրինի Մէջ Վար Առին Թրքական Ուղղաթիռ Մը

February 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները շաբաթ օր Աֆրինի Ռաժօ շրջանին մէջ վար առին թրքական բանակի «Թի-129» տիպի ուղղաթիռ մը:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ ուղղաթիռին վար առնուելուն պատճառով սպաննուած են երկու թուրք զինուորներ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ թրքական բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ընթացքին Աֆրինի շրջանին մէջ վար առնուած է թրքական բանակին մէկ ուղղաթիռը:

Ան Պոլսոյ մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մասնաճիւղի ժողովին ընթացքին սպառնաց խիստ կերպով հակադարձել ուղղաթիռի վար առնուելուն պատասխանատուներուն` նշելով, որ անոնք սուղ գին պիտի վճարեն:

Թուրքիոյ զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ շաբաթ օր Աֆրինի շրջանին մէջ մէկ օրուան ընթացքին սպաննուած թուրք զինուորներու թիւը հասած է 7-ի:

«Մեր մարտական ընկերներէն երկուքը զոհուած են 10 փետրուարին` «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ժամանակ, եւ 4 ուրիշներ վիրաւորուած են: Սպաննուած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր քրտական միաւորման, քիւրտերու ինքնապաշտպանական ուժերու եւ ՏԱՀԵՇ-ի 11 անդամներ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Աֆրինի ինքնակառավարման մարմինի գործադիր խորհուրդը իր կարգին յայտարարած էր, թէ Աֆրինի դէմ թրքական գործողութեան սկիզբէն ի վեր սպաննուած են 160 անձեր, որոնցմէ 26-ը` մանուկներ, իսկ 17-ը` երեխաներ: Վիրաւորներուն թիւը 395 է:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ռուսական Օդանաւի Ջախջախումէն Ետք. Փութին Ջնջեց Դէպի Սոչի Իր Թռիչքը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.