Պերլինի Մէջ Մերքել-Եըլտըրըմ Հանդիպում
Պերլինի մէջ տեղի ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Հանդիպումին բացումը կատարած Մերքել նախ եւ առաջ յիշեցուցած է գերմանական «Վելթ» օրաթերթի թղթակից, Գերմանիոյ քաղաքացի Տենիզ Եուճելի պարագան` նշելով, որ անոր խնդիրը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Մերքել նաեւ խօսած է Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան,...




















