Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտլիպի Մէջ Ռմբակոծումի Պատճառով Սպաննուած Է Թուրք Զինուոր Մը Եւ 5 Ուրիշներ Վիրաւորուած Են

February 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական բանակը յայտարարեց, որ թուրք զինուոր մը սպաննուած է եւ հինգ ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ Իտլիպի մէջ ենթարկուած են յարձակումի:

Թրքական զինեալ ուժերը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ զինեալներ երկուշաբթի օր հրասանդներէ արձակուած ռումբերով յարձակում գործած են Իտլիպ նահանգին մէջ հսկողութեան կէտ հաստատող թրքական ուժին դէմ: Վերջինս հակադարձած է:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց. «Թրքական ուժին ընկերակցող քաղաքային մը վիրաւորուեցաւ»:

Սուրիական զինեալ ընդդիմութեան մօտիկ ընկերային համացանցի օգտատէրեր հաղորդած էին, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները հրետանիով ռմբակոծած են թրքական բանակի շարասիւնը, երբ մօտեցած է Իս բլուրին:

Թրքական բանակի շարասիւն մը մէկ շաբաթ առաջ եւս նոյն բլուրին մօտ ռմբակոծուած էր: Գործիչներ օրին հրապարակած էին լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու ընկերակցութեամբ շրջան մուտք գործող թրքական ուժերը, որոնք կը փորձէին տեղակայուիլ սուրիական բանակին ու անոր դաշնակից ուժերուն Հատեր շրջանի դիրքերուն հսկող բարձունքին վրայ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է հեռանան Մընպեժէն, որովհետեւ Թուրքիան մտադիր է զայն վերադարձնել իրաւատէրերուն»:

«Աֆրինի մէջ մեր գործողութիւնը պիտի շարունակուի վճռականօրէն, նաեւ պիտի շարունակուի Իտլիպի մէջ», աւելցուց Էրտողան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի երէկ յայտնեց, որ թրքական միջամտութիւնը կը սպառնայ Սուրիոյ մէջ յարաբերական ապահովութեան եւ կը վերակենդանացնէ ներքին պատերազմը:

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահները քննարկած են Սոչիի մէջ Սուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին արդիւնքները:

 

Նախորդը

Դամասկոս Հիւսիսային Սուրիոյ Երկինքին Հսկող Օդային Պաշտպանութեան Նոր Համակարգեր Կը Տեղակայէ

Յաջորդը

Թրքական Բանակը Տիգրանակերտի Մէջ Քիւրտ Զինեալներու Դէմ Նոր Գործողութեան Կը Պատրաստուի

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.