Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիլըրսըն Պիտի Այցելէ Թուրքիա

February 8, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն կը պատրաստուի Թուրքիա այցելելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Կը նշուի, թէ Թիլըրսընէն քանի մը օր ետք Թուրքիա պիտի այցելէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Հըրպըրթ Մաքմասթըր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ ՏԱՀԵՇ-ի ջախջախումէն ետք Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները ուղղուած են Թուրքիոյ դէմ: Ան վերահաստատած էր, որ Աֆրինէն ետք թրքական բանակը պիտի շարժի դէպի Մընպեժ եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած էր իր զինուորները հեռացնելու սուրիական այդ քաղաքէն: Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Օպաման մեզ խաբեց Մընպեժի հարցին մէջ, եւ ինչպէս կ՛երեւի` Թրափն ալ բռնած է նոյն ճամբան»:

Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, յղում կատարելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի բանբերի յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ  Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ, Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով 26 մարտին Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ հանդիպում պիտի ունենան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Կը նախատեսուի, որ հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն առնչուող շրջանային, գաղթականներու եւ շարք մը այլ հարցեր:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Եունքեր յայտարարած էր, որ մօտիկ ապագային Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալը անկարելի է եւ որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան իրենց յարձակողապաշտ հռետորաբանութեան` եւրոպացի ղեկավարները կոչելով ֆաշական կամ նացիական:

Ան նաեւ ըսած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է շարունակէ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները, սակայն Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին տակաւին կարելի չէ խօսիլ:

 

Նախորդը

Անդրադառնալով Ժողովրդային Ցոյցերուն` «Մենք Պէտք Է Հասկնանք Ժողովուրդի Տեսակէտը» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Սուրիական Հակաօդային Համակարգերը Հակազդեցին Իսրայէլեան Հրթիռներուն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.