Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Ամիս Հետապնդուելէ Ետք. Եամունի Մէջ Սպաննուեցաւ Նապլուսի Մէջ Քասսամի Փաղանգներու Գործողութեան Հրամանատարը

February 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինուորական թեւը` Քասսամի փաղանգները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով գուժեցին Ահմետ Նասըր Ժարրարի սպանութիւնը, որ երէկ արշալոյսին Ժընինի արեւմուտքը գտնուող Եամուն գիւղին մէջ սպաննուեցաւ իսրայէլեան գործողութեան մը ընթացքին:

Քասսամի փաղանգները առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ Ժարրարը հրամանատարն է իր այն բջիջին, որ քանի մը շաբաթ առաջ Նապլուսի մէջ գործողութիւն կատարեց:

«Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ժընինի զինուորական պատասխանատուին, հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը պաշարած են Եամուն գիւղին մէջ շէնք մը, որմէ ետք բախում տեղի ունեցած է:

Իսրայէլեան ուժերը մերժած են Ժարրարի դիակը յանձնել: Իսրայէլեան ներքին գաղտնի սպասարկութիւնը` Շապաքը յայտնեց, որ Ժարրար հրամանատարն էր անցեալ շաբաթ Նապլուսի մէջ տեղի ունեցած գործողութեան, որուն ընթացքին Կիլաատ ագարակին մէջ սպաննուեցաւ ռաբբի Ռեզիէլ Շիպահը:

Ժընինի կառավարիչ հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Ռամատան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Ժարրարի եւ իսրայէլեան ուժին միջեւ բախումը տեւած է ժամեր: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան ուժը շէնքը պաշարելէն ետք Ժարրարին կոչ ուղղած է դուրս գալով անձնատուր ըլլալու, սակայն Ժարրար զինուած էր «Էմ-16» գնդացիրով եւ մինչեւ վերջ դիմադրած է:

Ժարրարի ընտանիքը քննադատեց «գործակալները»` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելու:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Արտակարգ Նախագահական Ընտրութիւններ

Յաջորդը

Դամասկոս Հիւսիսային Սուրիոյ Երկինքին Հսկող Օդային Պաշտպանութեան Նոր Համակարգեր Կը Տեղակայէ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.