Դամասկոսի աջակցող դաշինքէն հրամանատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ սուրիական բանակը Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ կը տեղակայէ հակաօդային նոր համակարգեր:
Նշեալ հրամանատարը յայտնած է, թէ օդային պաշտպանութեան նոր համակարգերը կը հսկեն հիւսիսային Սուրիոյ երկինքին:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկու օր առաջ յայտարարած էր, որ ուսին վրայ կրակուող հակաօդային համակարգէ մը արձակուած հրթիռ մը վար առած է Իտլիպի վերեւ թռիչք կատարող ռուսական պատերազմական օդանաւ մը:
Նախարարութիւնը նշած էր, որ նշեալ օդանաւը «Սու-25» տիպի է եւ անոր օդաչուն սպաննուած է:



