Սուրիական բանակը յայտարարեց, որ իսրայէլեան ռմբաձիգներ երէկ արշալոյսին լիբանանեան տարածքէն Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ զինուորական կեդրոնի մը դէմ արձակած են շարք մը հրթիռներ, որոնց մեծամասնութիւնը վնասազերծուած է սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ:
Սուրիոյ բանակը յայտնեց, որ պատրաստ է դիմակայելու որեւէ յարձակում եւ շարունակելու պայքարը ահաբեկչութեան դէմ` զայն ջախջախելու համար: Սուրիական բանակը Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց «անհաշիւ նախայարձակումային արկածախնդրութիւններուն վտանգաւոր հետեւանքներուն համար»:
Մէկ օր առաջ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան սեղմ կառավարութեան անդամ նախարարներուն հետ բռնագրաւեալ Կոլան այցելութեան ընթացքին սպառնացած էր, որ Իսրայէլ պատրաստ է դիմակայելու որեւէ դիպաշար եւ զգուշացուցած էր իր երկրին վճռականութիւնը փորձարկելէ:
Նեթանիահու նաեւ Իրանը զգուշացուցած էր Սուրիոյ մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը ամրագրելէ կամ Լիբանանի մէջ հրթիռներու արտադրութեան գործարաններ կառուցելէ:



