Միջազգային

«Իրանի Բանակը Չի Վախնար Որեւէ Թշնամիէ»  Կ՛ըսէ Հաթամի

«Իրանի Բանակը Չի Վախնար Որեւէ Թշնամիէ» Կ՛ըսէ Հաթամի

Իրանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Ամիր Հաթամի յայտարարած է, որ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը մտադիր է զարգացնել իր հակազդող ուժը: Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իրանցի նախարարը շեշտած է, թէ Իրանի ժողովուրդը, մասնաւորաբար զինեալ ուժերը, չեն վախնար ոեւէ թշնամիէ: «Իրանի ժողովուրդը խիզախօրէն կանգնած է իր թշնամիներուն դէմ, որոնք մինչեւ օրս չեն կատարած իրենց իսկ պահանջներէն որեւէ մէկը», ըսած է...

Թրքական Դատարանը Չէ Արտօնած Ուսումնասիրել  Էրտողանի Ընտանիքին Կապը  Անդրծովեան Ընկերութիւններու Հետ

Թրքական Դատարանը Չէ Արտօնած Ուսումնասիրել Էրտողանի Ընտանիքին Կապը Անդրծովեան Ընկերութիւններու Հետ

Թրքական դատարանը մերժած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընտանիքի անդամներուն` Մեն կղզիին մէջ անդրծովեան ընկերութիւններուն մէջ ունեցած գումարներու ներդրման մասին շարք մը մանրամասնութիւններ ուսումնասիրելու առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Անգարայի դատախազութիւնը նախապէս հաստատած էր, որ Էրտողանի ազգականներէն առնուազն 5-ը դրամական միջոցներ ներդրած են Մեն կղզիին վրայ գտնուող «Պելլուէյ» ընկերութեան մէջ: Տեղեկութիւնը հաստատած էր Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը: Թրքական...

Մերժելով Առեւտրական Պատերազմը.  Թրամփ Յետաձգած Է Դաշնակիցներու Համար  Մետաղներու Ներածման Բազմամիլիառանոց  Մաքսատուրքերու Սահմանումը

Մերժելով Առեւտրական Պատերազմը. Թրամփ Յետաձգած Է Դաշնակիցներու Համար Մետաղներու Ներածման Բազմամիլիառանոց Մաքսատուրքերու Սահմանումը

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մինչեւ 1 յունիս յետաձգած են դաշնակից երկիրներու համար պողպատի եւ ալիւմինիոմի համար բազմամիլիառանոց մաքսատուրքերու սահմանումին վերաբերող որոշումը: Այդ մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Սպիտակ տան յայտարարութիւնը: Յայտարարութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յետաձգած է Եւրոպական Միութեան, Քանատայի եւ Մեքսիքայի համար մաքսատուրքերու վերաբերեալ որոշումին կայացումը: Կը նշուի, որ Աւստրալիոյ, Արժանթինի եւ Պրազիլի հետ արդէն ձեռք...

Փոլիսարիօ Ճակատը Կը Հերքէ  Մարոքեան Ամբաստանութիւնները

Փոլիսարիօ Ճակատը Կը Հերքէ Մարոքեան Ամբաստանութիւնները

Փոլիսարիօ ճակատը հերքեց Մարոքի այն ամբաստանութիւնը, թէ Իրանն ու Հըզպալլան ճակատին զինուորական աջակցութիւն կը տրամադրեն: Փոլիսարիոյի պատասխանատուներէն Նանա Լիաթ Ռաշիտ «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ այդ ամբաստանութիւնները անհիմն են` աւելցնելով, որ Իրան 90-ական թուականներու կէսերէն ի վեր սառեցուցած է անապատին մէջ գտնուող հանրապետութեան ճանաչումը, եւ անոնց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան: Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլային, ան յայտնեց, որ փոխադարձ յարաբերութիւնները վատ չեն, սակայն...

Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութիւնը Հաստատեց Իրանեան Հիւլէական  Ոչ Խաղաղ Ծրագիրի Չգոյութիւնը

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Իսրայէլ Սուրիոյ Մէջ Իրանի Դէմ Աւելի Լայնածաւալ Գործողութեան Մը Համար Ամերիկեան Աջակցութիւն Խնդրած Է

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաւանական նկատեցին, որ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ Իրանի դէմ պատերազմի կը պատրաստուի եւ կը ջանայ ամերիկեան աջակցութիւն ստանալ: Անոնք նշեցին, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած են իրենց ամերիկացի պաշտօնատարներուն հետ եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի դէմ աւելի լայնածաւալ գործողութեան մը համար ամերիկեան աջակցութիւն խնդրած են: Ամերիկացի պաշտօնատարները յայտնեցին, որ Համայի...

Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութիւնը Հաստատեց Իրանեան Հիւլէական  Ոչ Խաղաղ Ծրագիրի Չգոյութիւնը

Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութիւնը Հաստատեց Իրանեան Հիւլէական Ոչ Խաղաղ Ծրագիրի Չգոյութիւնը

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտնեց, որ որեւէ ցուցանիշ չունի, թէ 2009-էն ետք Իրանի մէջ հիւլէական ռումբի պատրաստութեան առնչուած գործունէութիւն գոյութիւն ունի: Գործակալութեան բանբերը յայտնեց, որ անոր անդամները դեկտեմբեր 2015-ին այս առնչութեամբ զեկուցում ստանալէ ետք դադրեցուցած են հարցը քննարկել` աւելցնելով, որ գործակալութիւնը կը սերտէ երաշխիքներուն առնչուած հասանելի բոլոր տեղեկութիւնները, սակայն հրապարակաւ չի քննարկեր այս տեսակի տեղեկութիւններ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մէկ...

Սուրիոյ Դէմ Հրթիռային  Նոր Յարձակում

Սուրիոյ Դէմ Հրթիռային Նոր Յարձակում

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով զինուորական աղբիւրի մը, հաղորդեց, թէ Համայի եւ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող զինուորական կարգ մը դիրքեր կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին թիրախ դարձած են հրթիռային նոր յարձակումի մը: Ըստ «Մայատին»-ի, հրթիռակոծուած են սուրիական բանակի դաշնակից ուժերու երեք դիրքեր: Սուրիական «Թըշրին» օրաթերթը, յղում կատարելով մարտական աղբիւրներու, հաղորդեց, որ հրթիռարձակումը կատարուած է հիւսիսային Յորդանանի մէջ գտնուող ամերիկեան...

Քապուլի Մէջ Պայթումներու Զոհերու  Շարքին Կան Լրագրողներ

Քապուլի Մէջ Պայթումներու Զոհերու Շարքին Կան Լրագրողներ

Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցան երկու պայթումներ, որոնց պատճառով արձանագրուեցան 25 զոհեր եւ 49 վիրաւորներ: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «ԹՈԼՈնիուզ» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով երկրի ներքին գործոց նախարարութեան: Աֆղանական ոստիկանութեան տուեալներով` առաջին պայթումը մոթորսիքլեթով անձնասպանական գործողութիւն էր: Երկրորդը տեղի ունեցած է նոյն շրջանին մէջ շուրջ 20 վայրկեան ետք, երբ դէպքին վայրը հասած են...

Սուրիոյ Հիւսիսը Ծանր Բախումներ` Քիւրտ  Զինեալներու Եւ Սուրիական Բանակին Միջեւ

Սուրիոյ Հիւսիսը Ծանր Բախումներ` Քիւրտ Զինեալներու Եւ Սուրիական Բանակին Միջեւ

Սուրիոյ հիւսիսը ծանր բախումներ տեղի կ՛ունենան քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը: Սուրիական բանակը կիրակի օր յայտարարած էր Եփրատի արեւելեան ափին վրայ քիւրտ զինեալներէն շարք մը գիւղերու ազատագրման մասին: Երէկ, սակայն, Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պատասխան յայտարարութիւն մը հրապարակած են` պնդելով, որ յաջողած են սուրիական բանակէն խլել 4 գիւղ: Սուրիոյ...

«Շրջանին Մէջ Իրանի  Գործունէութիւնը Մեզ Կը Մտահոգէ»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Շրջանին Մէջ Իրանի Գործունէութիւնը Մեզ Կը Մտահոգէ» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Շրջանին մէջ Իրանի գործունէութիւնը մեզ կը մտահոգէ, եւ անոր դիմակայման մէջ պիտի աջակցինք Իսրայէլին»: Իսրայէլի վարչապետը իր կարգին ըսաւ. «Կը գնահատենք Իրանը զսպելու Միացեալ Նահանգներու ջանքը»:

Պոլթըն. «Թրամփ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին  Վերաբերեալ Տակաւին Որոշում Մը Չտուաւ»

Պոլթըն. «Թրամփ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Վերաբերեալ Տակաւին Որոշում Մը Չտուաւ»

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին որոշում մը չտուաւ, թէ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութենէն պիտի հեռանա՞յ, թէ՞ ոչ»: Խօսելով Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրին մասին` ան յայտնեց. «Լիպիան իր հիւլէական փառամոլութիւններէն հրաժարելու մղած ծրագիրը պէտք է իբրեւ բնորդ օգտագործուի Հիւսիսային Քորէայի զինաթափման համար»: Ան նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարի...

Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարը Խոստացած Է  Մայիսին Փակել Հիւլէական Մեծ Կայանը

Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարը Խոստացած Է Մայիսին Փակել Հիւլէական Մեծ Կայանը

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ինի հետ պատմական հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ, եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ պատերազմի դադրեցման մասին համաձայնագիր ստորագրուի: «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հարաւային Քորէայի նախագահի վարչակազմի ներկայացուցիչը: «Եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւնները յաճախակի բնոյթ ստանան, եւ ապագային մեր միջեւ...

Կիւլ Թուրքիոյ Նախագահութեան Պաշտօնին  Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Չառաջադրէ

Կիւլ Թուրքիոյ Նախագահութեան Պաշտօնին Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Չառաջադրէ

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը 24 յունիսին նախատեսուած նախագահական արտակարգ ընտրութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ան յայտարարած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Նախագահութենէն ետք ես գործնականօրէն չեմ եղած քաղաքականութեան մէջ: Ո՛չ ես, ո՛չ ընտանիքս ատիկա կը ցանկանք: Իմ առաջադրումիս հետ կապուած որեւէ գործողութիւն չի կատարուիր», ըսած է ան: Կիւլ յիշեցուցած է, որ նախապէս...

Հակադարձելով Ամերիկեան Քայլին`  Թուրքիա Զգուշացուցած Է Միացեալ Նահանգներ  Մեկնիլ Փափաքող Իր Քաղաքացիները

Անգարայի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Էրտման կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը: Էրտման Անգարա չգտնուելուն պատճառով չէ ներկայացած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Անոր փոխարէն երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելած է անոր խորհրդականը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ գերմանական կողմին ներկայացուցած են թրքական կողմին մտահոգութիւնները Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան...

Ըստ ՄԱԿ-ի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանին.  Իրան Դամասկոսի Մօտ 80 Հազար  Շիի Զինեալներ Կը Պատրաստէ

Ըստ ՄԱԿ-ի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանին. Իրան Դամասկոսի Մօտ 80 Հազար Շիի Զինեալներ Կը Պատրաստէ

Իրան առնուազն 80 հազար շիի զինեալներ կը պատրաստէ Սուրիոյ մայրաքաղաքին մօտ գտնուող «յենակէտային եւ հաւաքագրման կեդրոնին մէջ»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տենի Տանոնը: Ան 26 ապրիլին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ յայտարարած է, որ Իրան ուսումնական ռազմակայան ստեղծած է Դամասկոսէն շուրջ 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:    

Թրքական Բանակը Բիւրակնի Մէջ Քիւրտերուն Դէմ  Լայնածաւալ Գործողութիւններու Կը Պատրաստուի

Թրքական Բանակը Բիւրակնի Մէջ Քիւրտերուն Դէմ Լայնածաւալ Գործողութիւններու Կը Պատրաստուի

Թրքական բանակը Բիւրակնի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ լայնածաւալ գործողութիւններու կը պատրաստուի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը: Ըստ աղբիւրին, այդ պատճառով Բիւրակն նահանգի 8 շրջաններ, 26 տարբեր համայնքներ ու տարածքներ յայտարարուած են զինուորական յատուկ գօտի: Փողոց դուրս գալու արգելքին ժամանակաւոր դրութիւնն ու զինուորական խստացուած վերահսկողութիւնը շրջանին մէջ պիտի գործեն մինչեւ 14 մայիս:

Երկու Քորէաներու Ղեկավարներու  Պատմական Հանդիպում

Երկու Քորէաներու Ղեկավարներու Պատմական Հանդիպում

Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու ղեկավարներ Քիմ Չեն Ըն եւ Մուն Չժէ Ին պատմական հանդիպում մը ունեցած են երկու պետութիւններու սահմանագիծին` լրագրողներու առջեւ զիրար ողջունելով ու ձեռք սեղմելով: Ատկէ ետք ղեկավարները անցած են բուն բանակցային հոլովոյթին, որ տեղի ունեցած է սահմանային Փհանմունճոմ բնակավայրին մէջ: Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է այցելելու Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլ, եթէ այդպիսի հրաւէր մը ստանայ: «Կազեթա»...

Ամերիկացի Ծերակուտականներ Կ՛ուզեն  Արգելակել Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներու  Մատակարարումը Թուրքիոյ

Ամերիկացի Ծերակուտականներ Կ՛ուզեն Արգելակել Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներու Մատակարարումը Թուրքիոյ

Խումբ մը հանրապետական ու դեմոկրատական ծերակուտականներ կ՛ուզեն արգելակել Թուրքիոյ «Էֆ-35» նորագոյն հալածիչներու մատակարարումը` Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի բանտարկութեան պատճառով: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, կը հաղորդէ, որ օրինագիծը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Ճէյմս Լենքֆորտը, Ժանին Շահինը, Թոմ Թիլիսը: Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ հինգերորդ սերունդի կործանիչներու մշակման բազմազգ ծրագիրի ծիրին մէջ Թուրքիան պարտաւոր է գնել 116 «Էֆ-35»-ներ: Լենքֆորտ յայտարարած է,...

Մաթիս Մտահոգ Է Ռուսիոյ Կողմէ Սուրիոյ  «Էս-300»-ներու Մատակարարումով

Մաթիս Մտահոգ Է Ռուսիոյ Կողմէ Սուրիոյ «Էս-300»-ներու Մատակարարումով

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս մտահոգութիւն յայտնեց Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ «Էս-300» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման առնչութեամբ` նշելով. «Այդ քայլը տագնապին երկարաձգման պիտի յանգեցնէ»: Մաթիս Սպիտակ տան մէջ յայտարարութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ կոչ ուղղեց օժանդակելու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրային սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերուն:

Այսօր Վեհաժողով` Հարաւային Քորէայի  Եւ Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարներուն Միջեւ

Այսօր Վեհաժողով` Հարաւային Քորէայի Եւ Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարներուն Միջեւ

Սէուլ յայտարարեց, որ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճէյ այսօր շփման գիծին վրայ հանդիպում պիտի ունենայ իր հիւսիսային քորէացի պաշտօնակից Քիմ Եոնկ Ընի հետ: Հարաւային Քորէայի նախագահական աշխատակազմի ղեկավարը յայտարարեց, որ վեհաժողովի աւարտին պիտի ստորագրուի փաստաթուղթ մը:

Page 618 of 883 1 … 617 618 619 … 883

Արխիւներ