Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Քորէաներու Ղեկավարներու Պատմական Հանդիպում

April 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու ղեկավարներ Քիմ Չեն Ըն եւ Մուն Չժէ Ին պատմական հանդիպում մը ունեցած են երկու պետութիւններու սահմանագիծին` լրագրողներու առջեւ զիրար ողջունելով ու ձեռք սեղմելով: Ատկէ ետք ղեկավարները անցած են բուն բանակցային հոլովոյթին, որ տեղի ունեցած է սահմանային Փհանմունճոմ բնակավայրին մէջ:

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է այցելելու Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլ, եթէ այդպիսի հրաւէր մը ստանայ:

«Կազեթա» կայքը, յղում կատարելով հարաւային քորէական աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Ըն հարաւային քորէացի իր գործընկերէն ներում հայցած է նախորդ տարի կատարուած հիւլէական փորձարկումներուն համար: Ան մասնաւորաբար ըսած է, թէ ներում կը հայցէ այդ փորձարկումներէն յառաջացած աղմուկին պատճառով նախագահի քունը խանգարելուն համար:

«Մենք այլեւս երբեք պիտի չխանգարենք ձեր քունը», խոստացած է Քիմ Չեն Ըն` ակնարկելով, որ Հիւսիսային Քորէան մտադիր է վերջ տալ վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրի զարգացման:

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը իր խօսքին մէջ ըսած է, թէ Հարաւային Քորէա եկած է երկու պետութիւններուն միջեւ առճակատման վերջ տալու համար:

Ան Հարաւային Քորէայի նախագահին առաջարկած է այսուհետեւ աւելի յաճախ հանդիպիլ եւ ջանք չխնայել Քորէական թերակղզիին վրայ խաղաղութեան հաստատման համար:

Քիմ Չեն Ըն դարձած է վերջին 65 տարիներու ընթացքին հիւսիսային քորէացի առաջին ղեկավարը, որ սահմանը կտրած եւ մուտք գործած է Հարաւային Քորէայի տարածք:

Յիշեցնենք, որ թէեւ Քորէական պատերազմը աւարտած է 1953-ին, սակայն երկու պետութիւնները կը շարունակեն թեքնիքապէս պատերազմի մէջ մնալ:

Երկու ղեկավարները ստորագրած են միացեալ հռչակագիր մը, ուր նշուած է, թէ երկու երկիրներուն հասարակաց նպատակն է Քորէական թերակղզիի ամբողջական ապահիւլէականացումը: Անոնք յայտարարած են, որ կը դադրեցնեն թշնամական գործողութիւնները Փիոնկիանկի եւ Սէուլի միջեւ, երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի շարունակեն անձնական հաղորդակցութիւններ ունենալ:

Նաեւ համաձայնութիւն գոյացած է աշխատանքներ սկսելու` երկու երկիրներու երկաթուղային ճամբաները միաւորելու ուղղութեամբ:

Երկու երկիրները համաձայնեցան այս տարի վերջ տալու պատերազմին:

Նախորդը

Ամերիկացի Ծերակուտականներ Կ՛ուզեն Արգելակել Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներու Մատակարարումը Թուրքիոյ

Յաջորդը

Լիբանանահայութեան Զօրակցական Կեցուածքներ Եւ Լիբանանեան Մամուլին Ու Լրատուամիջոցներուն Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ոգեկոչումներուն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.