Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը 24 յունիսին նախատեսուած նախագահական արտակարգ ընտրութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ան յայտարարած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Նախագահութենէն ետք ես գործնականօրէն չեմ եղած քաղաքականութեան մէջ: Ո՛չ ես, ո՛չ ընտանիքս ատիկա կը ցանկանք: Իմ առաջադրումիս հետ կապուած որեւէ գործողութիւն չի կատարուիր», ըսած է ան:
Կիւլ յիշեցուցած է, որ նախապէս չէր բացառեր ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը, եւ «պիտի չխուսափի իր պարտականութեան կատարումէն, եթէ լայն համաձայնութիւն ըլլայ» իր թեկնածութեան շուրջ:
Շարք մը թուրք վերլուծաբաններու կարծիքով` իբրեւ ընդդիմութեան միասնական թեկնածու առաջադրուելու պարագային Կիւլ կրնար զգալի համեմատութեամբ քուէ ապահովել:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ թրքական ընդդիմութեան` նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը երկրի նախագահի պաշտօնին համար իբրեւ միացեալ թեկնածու առաջադրելու փորձերը տապալած են:
Նախապէս թրքական լրատուամիջոցները կը պնդէին, որ Կիւլ կրնայ դառնալ ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն: Ան այդ պաշտօնը վարած է 2007-էն 2014:
Երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Էօզկիւր Էօզել չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ կուսակցութիւնը Կիւլը չի նկատեր իբրեւ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածուն:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան 24 յունիսին:
Տեմիրթաշ Պիտի Առաջադրուի Թուրքիոյ Նախագահի Պաշտօնին
Քրտամէտ Կուսակցութեան Թեկնածու
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը որոշած է 24 յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական ընտրութեան իբրեւ նախագահի թեկնածու առաջադրել Սելահեթթին Տեմիրթաշի անունը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը:
Տեմիրթաշի թեկնածութիւնը առաջադրելու առաջարկը ներկայացուած է կուսակցութեան խմբակցութեան նիստին ընթացքին: Նոյեմբեր 2016-էն ի վեր կալանաւորուած քիւրտ քաղաքական գործիչը արդէն դրական պատասխան տուած է:
Կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ գործող կուսակցութիւնները իրենց թեկնածուները կրնան առաջադրել մինչեւ 1 մայիս:
Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ եթէ թրքական իշխանութիւնները Տեմիրթաշի` բանտին մէջ գտնուելու պատճառով խոչընդոտեն նախագահական ընտրութեան անոր մասնակցութիւնը, կուսակցութիւնը նախատեսած է Տեմիրթաշը փոխարինող երկրորդ թեկնածուի տարբերակը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ թրքական ընդդիմութեան` նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը իբրեւ երկրի նախագահի պաշտօնին միացեալ թեկնածու առաջադրելու փորձերը տապալած են:
Նախապէս թրքական լրատուամիջոցները կը պնդէին, որ Կիւլ կրնայ դառնալ ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն: Ան այդ պաշտօնը վարած է 2007-էն 2014:
Երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Էօզկիւր Էօզել չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ կուսակցութիւնը Կիւլը չի նկատեր իբրեւ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածուն:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան 24 յունիսին:



