Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Շրջանին մէջ Իրանի գործունէութիւնը մեզ կը մտահոգէ, եւ անոր դիմակայման մէջ պիտի աջակցինք Իսրայէլին»:
Իսրայէլի վարչապետը իր կարգին ըսաւ. «Կը գնահատենք Իրանը զսպելու Միացեալ Նահանգներու ջանքը»: