Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Ծերակուտականներ Կ՛ուզեն Արգելակել Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներու Մատակարարումը Թուրքիոյ

April 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խումբ մը հանրապետական ու դեմոկրատական ծերակուտականներ կ՛ուզեն արգելակել Թուրքիոյ «Էֆ-35» նորագոյն հալածիչներու մատակարարումը` Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի բանտարկութեան պատճառով:

«Արմէնփրես», յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, կը հաղորդէ, որ օրինագիծը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Ճէյմս Լենքֆորտը, Ժանին Շահինը, Թոմ Թիլիսը:

Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ հինգերորդ սերունդի կործանիչներու մշակման բազմազգ ծրագիրի ծիրին մէջ Թուրքիան պարտաւոր է գնել 116 «Էֆ-35»-ներ:

Լենքֆորտ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «կ՛արհամարհէ օրէնքի գերակայութիւնը», ուստի այդ կառավարութեան զգայուն ճարտարագիտութիւններու մատակարարումը «չափազանց վտանգաւոր է»: «Թուրքիոյ ռազմավարական որոշումները, ցաւօք, հետզհետէ աւելի շատ կը շեղին գիծէն եւ երբեմն կը հակասեն Միացեալ Նահանգներու շահերուն», նշուած է ծերակուտականին յայտարարութեան մէջ:

«Բացի ատկէ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը հետզհետէ աւելի կը մերձենայ Ռուսիոյ եւ բանտը կը պահէ ամերիկացի անմեղ պատուելին, որպէսզի զինք իբրեւ խաղազինուոր օգտագործէ քաղաքական բանակցութիւններու ընթացքին», աւելցուցած է Լենքֆորտ:

Թիլիս իր կարգին նշած է, որ Թուրքիան «կը խարխլէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները»:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուես Միչըլ յայտարարած էր, թէ Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը կրնայ բացասաբար ազդել Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարման վրայ:

 

Նախորդը

Մաթիս Մտահոգ Է Ռուսիոյ Կողմէ Սուրիոյ «Էս-300»-ներու Մատակարարումով

Յաջորդը

Երկու Քորէաներու Ղեկավարներու Պատմական Հանդիպում

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.